«Մեդիամաքս»ին «Տաթեւեր» ճոպանուղիի տնօրէնութենէն յայտնած են, թէ Յուլիս 16ին, «Տաթեւեր» ճոպանուղին սպասարկած է 1371 այցելուի: Այս ցուցանիշը առաջինն է ճոպանուղիի գործունէութեան պատմութեան ընթացքին:
Նախորդ ցուցանիշը սահմանուած էր 2014ի Յուլիս 20ին, երբ ճոպանուղին սպասարկած էր 1321 այցելուի:
«Տաթեւեր» ճոպանուղին կը գործէ 2010ի Հոկտեմբեր 16էն ի վեր: Անիկա կառուցուած է «Հայաստանի զարգացման նախաձեռնութիւններ» (IDeA) հիմնադրամի «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագիրի ծիրէն ներս:
Ճոպանուղին արձանագրուած է «Կինես» գիրքին մէջ՝ ոչ միայն որպէս աշխարհի ամենաերկարը, այլեւ որպէս ամենակարճ ժամանակահատուածին մէջ (10 ամիս) կառուցուած ճոպանուղի:
Տաթեւ այցելող եւ «Տաթեւեր» ճոպանուղիի ծառայութիւններէն օգտուելու համար կարելի է ճոպանուղիի տոմսերը նախապէս գնել առցանց: