ԵՐԵՒԱՆ.- «Ապրիլեան Քառօրեայ պատերազմէն ետք մեր սկզբունքային դիրքորոշումներուն մէջ որեւէ նոր մօտեցում չկայ», «Արմէնիա» պատկերսփիւռի ընկերութեան «Ռ-էւոլիւցիա» հաղորդման ընթացքին յայտարարած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:
«Դիրքորոշումներու մէջ փոփոխութիւն, գոնէ հայկական դիրքորոշման մէջ փոփոխութիւն, ես չեմ ենթադրեր: Ինչ կը վերաբերի զիջումներուն, վերջին 20 տարիներուն ընթացքին մենք որեւէ կերպով, որեւէ տեղ, որեւէ ձեւով չենք խօսած զիջումներու մասին: Մենք միշտ խօսած ենք եւ հիմա ալ կը շարունակենք խօսիլ խնդիրի լուծման փոխզիջումային տարբերակի մասին: Ասոնք տարբեր բաներ են: Եւ ես վստահ եմ, որ եթէ այս խնդիրը 20 տարի ալ լուծում չստանայ, ապա հայկական կողմին մօտ երբեք ձգտում չ՛ըլլար զիջումներու միջոցով իրավիճակը թեթեւցնելու, որովհետեւ ատիկա կործանարար ճանապարհ է եւ երբեք խնդիրները չի կրնար լուծել», աւելցուցած է նախագահը:
Խօսելով հայկական կողմէն դիրքորոշման մէջ փոփոխութիւններ չըլլալու պատճառներուն մասին՝ Հայաստանի նախագահը քանի մը սկզբունք առանձնացուցած է:
«Ակնյայտ է հայկական կողմի ցանկութիւնը, հայկական կողմի նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ինքնորոշման՝ ի վերուստ տրուած իրաւունքն է, միջազգային կառոյցներու կանոնադրութեամբ նախատեսուած իրաւունքն է, միջազգային իրաւունքին կողմէ ընդունուած սկզբունքն է, եւ անիկա պէտք է իրականացուի: Այս մէկը կարեւոր կէտ է: Երկրորդ կէտը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պէտք է ունենայ ցամաքային սահման Հայաստանի Հանարպետութեան հետ: Ասիկա երկրորդ սկզբունքային դիրքորոշումն է: Եւ երրորդ սկզբունքային դիրքորշումը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը պէտք է ունենայ անվտանգութեան յուսալի երաշխիքներ: Եւ այս 20 տարիներուն ընթացքին մենք խօսած ենք միայն այս խնդիրներուն շուրջ», ըսած է Սարգսեան:
Նախագահը շեշտած է, որ Ղարաբաղի մասնակցութիւնը պարտադիր է արդէն իսկ սկզբունքներու շուրջ ձեւաւորուող փաստաթուղթին համար: