ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Յուլիս 17ին ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանը:
Արցախի նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլ-խաւոր վարչութեան հաղորդած տեղեկութիւններուն համաձայն՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են բանակաշինութեան եւ այդ ոլորտին մէջ հայկական երկու հանրապետութիւններու համագործակցութեան վերաբերող շարք մը հարցեր: