ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի զինուած ուժերը ունին բաւարար քանակի զինատեսակներ եւ զինամթերք, որ պարբերաբար կը թարմացուի: Այս մասին «Արմէնիա» պատկերասփիւռի ընկերութեան «Ռ-էւոլիւցիա» հաղորդման ընթացքին ըսած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան:
«Մեր զինուած ուժերու սպառազինութիւնը պարբերաբար կը թարմացուի: Մենք լուրջ սպառազինութիւններ ապահոված էինք ինչպէս մինչեւ ապրիլեան քառօրեան, այնպէս ալ՝ անկէ ետք: Այլ խնդիր է, որ ցանկացած ռազմական գործողութիւն՝ ըլլա՛յ մէկօրեայ, մէկ տարուայ, հինգ տարուայ, ատիկա դաս է, որ պէտք է սերտես եւ հետեւութիւններ ընես: Որովհետեւ նոյն ռազմական գործողութիւններուն ընթացքին է, որ կը դրսեւորուի, թէ հակառակորդդ ինչ կ՛օգտագործէ եւ ինչ ձեւով կ՛օգտագործէ, եւ փորձես գտնել անոր հակաթոյնը», խօսելով ապրիլեան պատերազմէն ետք բանակի համալրումներուն մասին՝ յայտարարած է նախագահ Սերժ Սարգսեան:
Անդրադառնալով 80ականներու զէնք ունենալու մասին իր յայտարարութեան, որ զանազան շահարկումներու առիթ դարձաւ քաղաքագիտական շրջանակներու կողմէ, նախագահը ըսած է. «Իրենց քաղաքագէտ կոչողները պէտք է շատ լաւ հասկնան, թէ խօսքը որ լսարանի մէջ կը հնչէր եւ ինչ նպատակով: Ասիկա մէկ: Եւ երկրորդ՝ այո, այն ժամանակ մենք չունէինք որոշ զինատեսակներ, որ Ատրպէյճանը հասցուցած էր ունենալ: Իսկ ինչ է՝ գաղտնի՞ք է արդեօք, որ Ատրպէյճանը մեզմէ հարուստ է, որ Ատրպէյճանը աւելի շատ միջոցներ կը ծախսէ զինատեսակներու վրայ: Գաղտնիք չէ: Եթէ ոեւէ մէկը կրնայ ըսել, որ ինք երկու տարիէն կամ հինգ տարիէն կրնայ Հայաստանը դարձնել աւելի հարուստ պետութիւն, քան Ատրպէյճանը, այդ մարդը պէտք է հեռացնել քաղաքականութենէն: Որովհետեւ ատիկա «շարլաթանութիւն» է, ատիկա սուտ է: Ատոր համար շատ ժամանակ պէտք է: Մենք ե՛ւ այն ժամանակ, ե՛ւ այսօր ունինք բաւարար սպառազինութիւն, որպէսզի կարենանք մեր զօրքի մարտական ունակութիւններու օգտագործմով չէզոքացնել այն վտանգը, որ կը սպառնայ Լեռնային Ղարաբաղին կամ Հայաստանի Հանրապետութեան»:
Նախագահը նշած է, որ պատերազմին միայն զէնքը չի յաղթեր: «Պատերազմի հիմնական գործող անձը զինուորն ու սպան են, զինուորն ու հրամանատարն են: Եւ այդ զինուորն ու հրամանատարը պէտք է ունենան ոչ թէ ամենաժամանակակիցը, այլ բաւարար զինատեսակ եւ զինամթերք՝ խնդիրը լուծելու համար: Այսօր մեր զինուած ուժերը ունին բաւարար զինատեսակներ եւ բաւարար զինամթերք», աւելցուցած է Սերժ Սարգսեան: