ԳԻՒՄՐԻ.- Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ հայութեան առնչուող հաղորդումներուն նուիրուած «Հովիտի Հայերը» («The Valley՛s Armenian», ակնարկելով Սան Ուաքին հովիտին) յայտագիրի հաղորդավար Սթեֆանի Պուրուճեան, Գիւմրիէն կատարած իր հաղորդումով կը տեղեկացնէ, թէ շնորհիւ Ֆրեզնոյի «Ռոթըրի» բարեսիրական կազմակերպութեան ջանքերուն եւ այդ կազմակերպութեան միջազգային մարմինին ցուցաբերած աջակցութեան՝ արեւային ուժանիւթի մօտաւորապէս 100,000 տոլար արժող սարքաւորումներ տրամադրուած են Գիւմրիի մէջ գործող «Պերլին» դարմանատան։
Սարքաւորումները արդէն իսկ Գիւմրի հասած են ու այժմ աշխատանք կը տարուի զանոնք դարմանատան տանիքին վրայ զետեղելու՝ ուժանիւթի ծախսերուն մէջ յատկանշական խնայողութիւն մը ապահովելով Հայաստանի հիւսիսային շրջանին մէջ գործող բարեսիրական այս դարմանատան, որ յատկապէս ձմեռները ուժանիւթի կարիքներուն հասնելու դժուարութիւն կը դիմագրաւէր։
Սթեֆանի Պուրուճեան կը տեղեկացնէ, թէ 1988ի երկրաշարժէն ետք, քաղաքին տրամադրուած միջազգային օժանդակութիւններէն մէկն է այդ դարմանատունը, որ 1993ին հաստատուած է՝ Պերլինի Կարմիր Խաչին ջանքերով, եւ որ տարեկան մօտաւորապէս 70,000 քաղաքացիի բժշկական սպասարկութիւններ կը տրամադրէ ձրիաբա՛ր։