Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Յունաստանի Շրջանային վարչութիւնը, ընդառաջելով ԵՈՒՆԵՍՔՕի Պարի միջազգային խորհուրդի (IDC-International Dance Council) հրաւէրին՝ Ուրբաթ, 7 Յուլիսի առաւօտեան ելոյթ մը ունեցաւ Փլաքայի Մշակութային խորհուրդի »«Պարի Տան» եռայարկ շէնքի Ա. յարկի «Աէ՛րիտէս» սրահին մէջ:
Սոյն համագումարը կը վայելէր ԵՈՒՆԵՍՔՕի Ազգային խորհուրդի եւ Յունաստանի մշակոյթի եւ կրթական նախարարութեան հովանաւորութիւնը ու կազմակերպուած էր Պարի համաշխարհային խորհուրդի 30ամեակին եւ խորհրդաժողով-համագումարներու 50ամեակին առիթով, «World Congress on Dance Research» ընդհանուր խորագրով։ Անոր մասնակցելու հրաւիրուած էին 50 երկիրներէ 500 ժողովականներ, պարուսոյցներ, պարողներ, կազմակերպութիւններ եւ 170 երկիրներէ խումբեր ու պարի դպրոցներ:
ԵՈՒՆԵՍՔՕն Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան գիտութեան եւ մշակոյթի ոչ կառավարական (NGO) կազմակերպութիւնն է, կեդրոն ունենալով Փարիզը: Նոյն օրուան երեկոյեան «Տորա Սթրաթու» բացօթեայ թատրոնի բեմէն ելոյթ ունեցան արտասահմանեան խումբեր: Այս ելոյթները պիտի շարունակուին եւ Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբի երկսեռ խումբը պիտի պարէ Սեպտեմբեր 11ին, կամ 25ին:
Համագումարին ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան Կանոնագիրի ու հրատարակչական յանձնախումբի անդամ Վերժին Տէր-Յովակիմեան, որ անգլերէնով եւ 20 վայրկեան տեւողութեամբ գեղեցիկ ներկայացում մը ըրաւ, խօսելով հայ ժողովուրդի պատմութեան, երաժշտութեան, պարին, յունահայ գաղութին, Համազգայինի կառոյցին ու գործունէութեան մասին: Ներկաները հետաքրքրութեամբ լսեցին հայ ժողովուրդի անցեալին (Ցեղասպանութիւն), անկախութեան, Սփիւռքի եւ հայրենիքին մէջ հայ մշակոյթի ակադեմական բարձր որակին վերաբերող նիւթը:
Կը շնորհաւորենք ընկերուհին իր լաւ պատրաստուած աշխատանքին համար: Համագումարին մասնակցեցաւ նաեւ Համազգայինի Յունաստանի Շրջանային վարչութիւնը:
(Համազգայինի թղթակից)