ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Էյ.Փի.».- Հինգշաբթի, Յուլիս 13ին, Քոնկրեսական ամավարկի գրասենեակը հրապարակեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին ներկայացուցած պետական ամավարկին մասին իր վերլուծումը՝ հասնելով այն եզրակացութեան, թէ անոր անփոփոխ գործադրութեան պարագային՝ տասնամեակ մը ետք 720 միլիառ տոլարի բաց պիտի ըլլայ ամավարկին մէջ։ Յատկանշական է, որ Սպիտակ տան պնդումով, այս ամավարկին գործադրութեան շնորհիւ՝ կարելի պիտի ըլլար ամավարկին բացը գոցել տասնամեակ մը ետք։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.