ԱՆԳԱՐԱ, «Պլումպըրկ».- Թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներ կը հաղորդեն, թէ երկար բանակցութիւններէ ետք համաձայնութիւն գոյացած է Ռուսիոյ հետ, «S. 400» տիպի հակահրթիռային արդիական համակարգեր գնելու համար։
Անգարա 2.5 միլիառ տոլար պիտի վճարէ՝ 4 համակարգերու համար։ Կ՛ակնկալուի, որ անոնցմէ երկուքը 2018ին յանձնուին, մինչ մնացեալ երկուքը պիտի կազմուին Թուրքիոյ մէջ, ռուսական օժանդակութեամբ։
Հաւանական է, որ համակարգերը հաստատուին Հայաստանի եւ Յունաստանի հետ սահմաններուն վրայ։
Նշենք, որ Անգարա ստիպուած էր հրաժարելու նման համակարգեր Չինաստանէն գնելու մտադրութենէն, ՆԱԹՕի եւ Ուաշինկթընի ճնշումներուն պատճառով: