«Վիքիմեդիա Հայաստան» գիտակրթական հասարակական կազմակերպութիւնը, «Կիւլպէնկեան Հիմնադրամ»ի աջակցութեամբ՝ Յուլիս 10էն 17 կազմակերպած է «Ուիք»ի դասընթացք-հաւաք՝ սփիւռքի կրթական հաստատութիւններու, մամուլի աշխատակիցներու եւ հետաքրքրուած անհատներու համար, որուն առաջնահերթ նպատակներէն է աջակցիլ եւ խթանել, համացանցէն ներս, հայերէն բովանդակութեան եւ Հայաստանի մասին օտար լեզուներով բովանդակութեան զարգացումը՝ յատկապէս «Ուիքիփետիա»ի եւ քոյր «Ուիք»ի նախագիծերու օգնութեամբ, «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»ի ստեղծում եւ զարգացում նախաձեռնութեան շրջանակներէն ներս:
Դասընթացքին նպատակն է «Ուիքիփետիա»ի համակարգողներ պատրաստել Սփիւռքի տարածքին՝ զարգացնելու «Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիա»ն եւ տարածելու «Ուիքիփետիա»ի մասնակցութեան գաղափարները եւ գործիքներու տիրապետումը: Մէկ շաբթուան տեւողութեան մասնակիցները պիտի ծանօթանան «Ուիքիփետիա»ի գաղափարախօսութեան եւ խմբագրութեան գործիքներուն ու եղանակներուն:
Դասընթացքին Կը մասնակցին 4 երկիրներէ 8 անհատներ.
Շաքէ Մանկասարեան՝ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւն (Տուպայ)
Թալին Նայիր՝ Թուրքիա (Պոլիս)
Հայկանուշ Մինասեան՝ Յունաստան (Աթէնք)
Արաքսի Միքայէլեան՝ Յունաստան (Աթէնք)
Մարէն Պապեան՝ Սուրիա (Հալէպ)
Անի Թօփալեան՝ Սուրիա (Հալէպ)
Մատլէն Աւագեան՝ Սուրիա (Հալէպ)
Զեփիւռ Էքմէքճեան՝ Սուրիա (Հալէպ)։