ԵՐԵՒԱՆ.- Եւրոպայի Ախոյեաններու ֆութպոլի մրցաշարքի զտումի Բ. հանգրուանին երթի մրցումներու ծիրին մէջ, Հայաստանի ախոյեան «Ալաշկերտ»ը Չորեքշաբթի, Յուլիս 12ին հիւրը եղաւ Պելոռուսի «Պաթէ Պորիսով» խումբին:
Մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով: Հիւրընկալ կազմին կօլը նշանակեց Ալեքսէյ Ռիոս (43րդ վայրկեանին), իսկ «Ալաշկերտ»ի հաւասարութեան կօլը «նուիրեց» նոյնինքն Ալեքսէյ Ռիոսը՝ սխալմամբ դէպի իր բերդը առաջնորդելով գնդակը (78րդ վայրկ.):
Մրցակիցի դաշտին վրայ նշանակուած այդ կօլը կրնայ արժէքաւոր ըլլալ հայկական խումբին համար, որ դարձի մրցումի միայն սպիտակ հաւասարութիւն մը ապահովելու պարագային՝ պիտի կարենայ յաջորդ հանգրուան անցնիլ։
Նշենք, որ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ մը ետք՝ Երեւանի մէջ: