ՎԻԳԷՆ ԹԻՒՖԷՆՔՃԵԱՆ
Դոկտ. Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեան ծնած է հանրածանօթ ազգայիններ Մելքոն եւ Լիւսի Տէր Մելքոնեաններու ընտանիքին մէջ, Պէյրութ, Լիբանան: Տան մթնոլորտն ու ծնողքի ջամբած դաստիարակութիւնը, որոնք կազմաւորած են ապագայ մտաւորականն ու անխարդախ հայը, իր նկարագիրը շաղախած են երկու ազդակներով. արուեստի ու գրականութեան արժէքներու նկատմամբ սէր եւ հանրային կեանքի նուիրում:
Այս պայմաններուն մէջ, աւարտելէ ետք նախակրթական ուսումը, ան կը յաճախէ Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարանի երկրորդական բաժինը, ուրկէ կը ստանայ ֆրանսական Ա. եւ Բ. պաքալորիայի վկայական: Ապա բարձրագոյն ուսումը կը շարունակէ Lysee Francaise-ին մէջ, ուր կ՛ուսանի գրականութիւն եւ մանկավարժութիւն, եւ կը վկայուի Bachelor of Arts վկայականով:
Որոշ ժամանակ Սուրբ Նշան եւ Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարան կրթական հաստատութիւններուն մէջ կը ստանձնէ ուսուցչական պաշտօն: Ապա կը մեկնի Փարիզ, այնտեղ շարունակելու համար իր համալսարանական ուսումը: Կը յաճախէ Sorbonne համալսարանը, ուրկէ կը վկայուի Գրականութեան դոկտորայի աստիճանով:
Ֆրանսա ապրած օրերէն իսկ, Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեան դերակատարութիւն կը ստանձնէ ազգային-հասարակական կեանքին մէջ: Ուսանողական օրերէն սկսեալ, ան մաս կը կազմէ հետեւեալ պարբերականներու խմբագրական կազմերուն. «Արաքս» մանկապատանեկան պարբերաթերթին, «Նոր Սերունդ» միութեան «Հայաստան» ամսագիրին, եւ «Յառաջ» օրաթերթին: Միաժամանակ կը վարէ Cite universitaire de Paris-ի Maison des etudiants armemiens հայ ուսանողական տան տնօրէնի պաշտօնը:
1963ին, իր զաւակին՝ Ալեքս Սաքըզի հետ կը հաստատուի Մոնթրէալ, ուր կ՛ամուսնանայ Վարուժան Մինասեանի հետ: Մոնթրէալի մէջ եւս կը մտնէ ուսուցչական ասպարէզ, նախ՝ Ecole normale Jacques Cartier, ապա՝ Universite du Quebec a Montrռal համալսարանը, ուր կը հանդիսանայ համալսարանի գրականութեան բաժանմունքի հիմնադիրներէն մին, եւ ուր 24 տարիներ կը դասաւանդէ անընդմէջ՝ իբրեւ մնայուն փրոֆեսոր:
Բացի իր ակադեմական աշխատանքէն, ընկերուհի Շաքէն կը շարունակէ մաս կազմել մեծաթիւ հայկական թերթերու եւ պարբերականներու խմբագրական կազմերուն, ինչպէս «ԱկօսՄ, The Armenian Review, The Canadian Slavonic Papers, La Cause Armեnienne, եւ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի Գրական յաւելուածը: Միաժամանակ, ան իր յօդուածներով կ՛երեւի «Ազդակ»ի, «Այգ»ի, «Յառաջ»ի, «Ազդարար»ի եւ «Հորիզոն»ի էջերուն մէջ:
Ընկերուհի Շաքէի բեղուն գործունէութիւնը չի սահմանափակուիր դասաւանդութեամբ եւ գրականութեամբ: Ան նաեւ գործօն դերակատարութեամբ կը մասնակցի այլեւայլ յանձնախումբերու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու վարչական կազմերուն: 1970ին կ՛ընտրուի Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ, եւ այդ պաշտօնը կը վարէ մինչեւ 1986: 1972-1978 փոխնախագահն է Conseil des ecoles ethniques de Montreal մարմինին, 1974-1986՝ անդամ Comite consultatif de ministere de l’immigration du Quebec-ին, 1976-1978‘ անդամ Communication jeunesse-ի վարչութեան, 1981-1984՝ իր բաժանմունքի ներկայացուցիչը Conseil des etudes of the Universite du Quebec-ին, եւ 1990-1994՝ անդամ Ville St. Laurent-ի Liberal կուսակցութեան տեղական վարչութեան:
Այս բոլորին կողքին, Դոկտոր Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեանի հարուստ վաստակին մաս կը կազմեն իր աշխատասիրութիւնները, թարգմանութիւններն ու հատորով լոյս տեսած գործերը։
Անոնց արագ թուարկումը գաղափար մը կու տայ հանգուցեալին մտաւորական արգասիքին մասին.
– «Contes et legendes armeniens», Beyrouth, 1964.
– «L’epopee populaire armenienne, David de Sassoun», Montreal, 1972.
– «Politiques litteraires en union sovietique», Montreal, 1978.
– «Contes armeniens», Editions Kirk. 1987.
– «Le dossier armenien», Montreal, 1988.
– «Renyi Picture Dictionary–English-Armenian». Toronto, 1990.
– «Հայերէնի Գիրքս» դասագրքերու շարքը 1978-1994
– Թարգմանութիւն Lawrence Durrell-ի «Prospero’s Cell» գործին, «Յառաջ»ի մէջ
– «Օղակներէն Մէկը Կամ Վաղարշ Ա. Թագաւոր Հայոց», 2000։
Ընկերուհի Շաքէի ստեղծագործական եւ կրթական գործունէութիւնը բարձր գնահատուած է ամէնուր: 1996ին ան ստացած է Montreal Citizenship Council-ի Outstanding Citizen մրցանակը, 1997ին Արեւելեան Ամերիկայի եւ Գանատայի կիլիկեան թեմի առաջնորդարանը զինք հռչակած է «Տարուան կինը», նոյն տարին, Արամ Ա. վեհափառ կաթողիկոսը անոր պարգեւած է «Մեսրոպ ՄաշտոցՄ շքանշանը, իսկ 2004ին, ան պատուըւած է Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան շքանշանով:
Ընկերուհի Շաքէն եղաւ Համազգայինի հաւատաւոր անդամ, խթանելով վարչութիւններու գործունէութիւնը, իր մասնակցութիւնը բերելով անոնց կազմութեան, եւ սատար կանգնելով որ ի գործ դնենք մեր առաքելութիւնը: