Ա. Պ.
Արեւմտեան Հայաստանին հայող Աղին գիւղի մօտակայքը, երախտապարտ մարդիկ, տակաւին իր կենդանութեան ժամանակ, յուշաքար մը կանգնեցուցած էին Վարուժան Գունտաքճեանի համար:
Լաւ չընդունեց: Դեռ ողջ եմ, ի՛նչ յուշաքար՝ ըսաւ, չար գուշակութեան մը ցնցումը չկարենալով թաքցնել:
Տարին լրացաւ: Այո՛, ինք միշտ մեզի հետ է, մեր ընկերական հաւաքներուն միշտ կը հսկէ, միշտ կը յիշուի, կը վկայակոչուի, կը մէջբերուի: Իրեն հետ շփուած, իր անմիջականութենէն ջերմացած, իր խանդավառութենէն ոգեւորուած, իր պոռթկումներէն յուզուած մարդիկը շա՛տ են ու սփռուած հայ աշխարհի գրեթէ բոլոր անկիւնները:
Դաշնակցական ըլլալու հպարտութիւնը երբե՛ք այս մարդը չդարձուց կուսակցական հաշիւներով շարժող գործիչ: Աւելի ճիշդ, Դաշնակցականը՝ իր ըմբռնումով, սոսկ նեղ հասկացողութեամբ կուսակցական չէր կրնար ըլլալ, այլ ազգին ամբողջականօրէն ծառայելու յանձնառութեամբ պէտք է նետուէր աշխատանքի դաշտ:
Օգտակար ըլլալ Հայաստանին, օգտակար ըլլալ իր համայնքին, օգտակար ըլլալ հայութեան, նաեւ, անշուշտ՝ իր ընտանիքին: Իր կեանքի ուղեցոյցը շա՛տ պարզ էր, իր հոգիին պէս: Պարզ ու վճիտ: Դաստիարակիչ: Պատասխանատու…
Ազգային-քաղաքական լուրջ վէճեր կրնային կասեցնել մեզ՝ յիշեցնելով առաջնահերթութիւնները, դուրս մղելով երկրորդականը, ընդգծելով էական ճշմարտութիւնները:
Կը սիրէր կեանքոտ միջավայրը, կը սիրէր երգը, կը սիրէր պարն ու նուագը: Արագ կը խանդավառուէր եւ իր խանդավառութեամբ կրնար վարակել իր շուրջինները: Իր իւրայատուկ համարձակութեամբ կրնար բոլորովի՛ն անծանօթ մարդոց ուշադրութիւնը գրաւել, մտերմանալ, իր կնիքը դնել այդ պահուն վրայ:
Կանխահաս էր Վարուժան Գունտաքճեանին ի պատիւ յուշաքարի կառուցումը:
Շուտ, շա՜տ շուտ հեռացաւ ան մեզմէ:
Կարդալ նաեւ՝
«Հայ Գիւղ»ի Ծագումը՝ Նուիրուած Վարուժան Գունտաքճեանի Յիշատակին