ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամ Էնթընի Փորթանթինոյի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Ծերակոյտի Փոխադրական հարցերու յանձնախումբը Երկուշաբթի, Յուլիս 10ին վաւերացուցած է Փորթանթինոյի ներկայացուցած թիւ 25 բանաձեւը, որ կ՛առաջարկէ Հայոց Ցեղասպանութեան Փասատինայի յուշարձանին ելքը մատնանշող ցուցանակներ տեղադրել թիւ 210 ազատուղիի Ֆեր Օքս ելքերուն վրայ։
Բանաձեւը կարելի եղած է վաւերացնել միաձայնութեամբ։ Նահանգային խորհրդարանի Յատկացումներու յանձնախումբին կողմէ վաւերացուելէ ետք, բանաձեւը պէտք է վաւերացուի նաեւ լիագումար նիստին կողմէ։
Յիշեցնենք, որ Փասատինայի «Մեմորիըլ» զբօսայգիի հիւսիսարեւելեան բաժինին մէջ գտնուող Հայոց Ցեղասպանութեան Փասատինայի յուշարձանին պաշտօնական բացումը տեղի ունեցած էր Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին՝ 2015ի Ապրիլին։