Վերջին տարիներուն, Արցախի պատանիներուն համար ամառնային հանգիստի, հաճելի պահերու եւ իրենց կեանքին մաս դարձած են ՀՅ Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ կառոյցներու երիտասարդական միութիւններու կողմէ Արցախի զանազան շրջաններու մէջ կազմակերպուող ճամբարները:
«Ապարաժ»ը կը հաղորդէ, որ Յուլիս 10ին, Ստեփանակերտի Աշոտ Ղուլեանի անունը կրող դպրոցին մէջ մեկնարկած է 10-16 տարեկան պատանիներու համար նախատեսուած ճամբարը, զոր նախաձեռնած է ՀՅԴ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի Երիտասարդաց դաշնակցութիւնը: Ճամբարի ընդհանուր պատասխանատու Վահէ Լեփեջեան արդէն քանի մը անգամ մասնակցած է Արցախի մէջ կազմակերպուող ճամբարներուն, իսկ խումբի միւս անդամները յաճախ գտնուած են Հայաստան եւ Արցախ, իսկ ճամբարներու ծրագիրով առաջին անգամ ըլլալով ժամանած են Արցախ:
Ըստ Վահէ Լեփեջեանի՝ ճամբարի կազմակերպումը ունի քանի մը նպատակներ. «Առաջին հերթին Սփիւռքի մէջ ապրող հայերու համար շատ լաւ առիթ է՝ գալով այստեղ իրենց աչքով տեսնելու տարիներու ընթացքին գիրքերէ հայրենիքի մասին սորվածները: Նոյն ատեն, այստեղի հայութիւնը պէտք է իմանայ, որ դուրսի հայերը իրենց չեն մոռցած, միշտ կը մտածեն իրենց մասին եւ իրենց կարելին կ՛ընեն իրենց օգնելու համար: Նպատակներէն մէկն ալ մարդոց տեղեկացնելն է, որ Դաշնակցութիւնը իր ուժերը կը տրամարադրէ հայ ժողովուրդին օգնելու համար», նշած է ան:
Ընդհանրապէս ամէն ճամբար երկու շաբաթ կը տեւէ՝ 10 օրուան ճամբարային եւ 4 օրուան հանգիստի ծրագիրներով: Այդ ընթացքին կը նախատեսուին հայոց պատմութեան, Դաշնակցութեան պատմութեան, հայրենասիրական երգերու ուսուցում, մարզական խաղերու, մրցումներու կազմակերպում, որոնց նպատակն է բարելաւել մարմնական եւ մտաւոր ունակութիւնները եւ ամրապնդել հայրենիքի հետ կապը:
Ստեփանակերտի ճամբարի պատասխանատուն այս տարիներուն ընթացքին իրենց կատարած աշխատանքի արդիւնքը այսօր այսպէս կը տեսնէ. «Այսօր ծանօթացայ պատանիի մը հետ, որ 7 տարի մեր կազմակերպած ճամբարներուն մասնակցած է եւ բոլոր վարիչները, պատասխատուները կը յիշէ: Եւ այսօր եկած է իր գիտելիքները միւսներուն փոխանցելու: Յոյս ունիմ, որ կամաց-կամաց ժողովուրդը աւելի կը մօտենայ Դաշնակցութեան, կը միանան մեզի եւ մեզի հետ կ՛օգնեն մնացածներուն։ Մեզ համար մեծ բաւականութիւն է հայրենի հողին վրայ ըլլալը, այստեղ աւելի ուժեղ կը զգանք մենք մեզ», կ՛ըսէ Վահէն ու կ՛աւելցնէ, որ ամէն անգամ դարձեալ կը սիրահարուի այս հողին, այստեղ կը տեսնէ մեր ժողովուրդի հզօրութիւնը: Այստեղ առաջին անգամ եկողները հոյակապ տպաւորութիւն կ՛ունենան, որովհետեւ հակասական բաներ լսած են Արցախի մասին եւ բոլորը հաճելիօրէն զարմացած էին՝ տեսնելով զարգացող քաղաքն ու մարդոց բարի վերաբերմունքը:
Յուլիս ամսուան ընթացքին սկիզբ կ՛առնեն նաեւ Շուշի եւ Մարտունի քաղաքներու բակային ճամբարները՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանի երիտասարդական միութեան եւ Լիբանանի «Զաւարեան» Ուսանողական միութեան նախաձեռնութեամբ: