ԵՐԵՒԱՆ.- Նախկին արտաքին գործոց նախարար, ՄԱԿի մօտ Հայաստանի նախկին դեսպան, ՀՀՇի երբեմնի յայտնի ղեկավարներէն Ալեքսանդր Արզումանեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ նշանակուած է Դանիոյ մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան:
Նախագահ Սարգսեան Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան (ՀՀԿ) նախկին պատգամաւոր Լեւոն Մարտիրոսեանը նշանակած է Գանատայի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան: