ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Չորեքշաբթի, 12 Յուլիսին աւարտեցաւ Արցախի նախագահական ընտրութիւններուն թեկնածուներու առաջադրման ժամկէտը:
Ներկայ դրութեամբ առաջադրուած են երկու թեկնածուներ՝ գործող նախագահ Բակօ Սահակեան եւ «Շարժում–88» խմբակցութեան պատգամաւոր Էդուարդ Աղաբեկեան:
ԼՂՀ Ազգային ժողովի երեք խմբակցութիւններ՝ «Հայրենիք», «Ժողովրդավարութիւն» եւ «Դաշնակցութիւն» խմբակցութիւնները կը սատարեն գործող նախագահ Բակօ Սահակեանի թեկնածութիւնը: