ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ուրբաթ, 7 Յուլիսին, մայրաքաղաքին մէջ բացուած են արեւային ուժանիւթով սնուցուող հանրային փոխադրութեան առաջին երկու կանգառները, ուր տեղադրուած են արեւային վահանակներ:
Բաղրամեան եւ Մոսկովեան փողոցներուն վրայ գտնուող այս կանգառներուն մէջ տեղադրուած են վահանակներ, որոնք բնակիչներուն թոյլ կու տան անվճար լիցքաւորել բջիջային իրենց հեռախօսները եւ թուային այլ սարքերը: Իւրաքանչիւր կանգառ կրնայ լիցքաւորել օրական 24 հեռաձայն: