ԵՐԵՒԱՆ.- Ուրբաթ, 7 Յուլիսին, բնապահպանութեան նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ ՄԱԿի Զարգացման ծրագիր-Կլիմայի կանաչ հիմնադրամ (ՄԱԶԾ-ԿԿՀ) «Շէնքերի էներգաարդիւնաւէտ արդիականացմանն ուղղուած ներդրումների ռիսկերի նուազեցում» ծրագիրի փաստաթուղթի պաշտօնական ստորագրման արարողութիւնը:
Կլիմայի կանաչ հիմնադրամին կողմէ ֆինանսաւորուած աշխարհի 10րդ, իսկ եւրասիական տարածաշրջանի առաջին ծրագիրն է ասիկա, որ մշակուած է Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութեան, Երեւանի քաղաքապետարանին եւ այլ շահագրգիռ նախարարութիւններուն հետ սերտ համագործակցութեամբ եւ հաստատուած է ԿԿՀի կողմէ 20 միլիոն տոլար դրամաշնորհային գումարով:
Ծրագիրի փաստաթուղթը ստորագրած են բնապահպանութեան նախարար Արծուիկ Մինասեան եւ Հայաստանի մօտ ՄԱԿի մշտական համակարգող, ՄԱԶԾ մշտական ներկայացուցիչ Պրետլի Պուզեթթօ:
«Սերտօրէն համագործակցելով Հայաստանի կառավարութեան եւ Հայաստանի բնապահպանութեան նախարարութեան հետ, այս ծրագիրը պիտի նպաստէ բնակչութեան բարեկեցութեան, ուժանիւթի աղքատութեան նուազեցման, որ կ՛ազդէ բնակչութեան 30 տոկոսին վրայ, նոյն ժամանակ անիկա պիտի նպաստէ Հայաստանի ուժանիւթի անկախութեան եւ պիտի ապահովէ Փարիզեան համաձայանագիրի միջազգային պարտաւորութիւններու համապատասխանելիութիւնը», յայտարարեց Պրետլի Պուզեթթօ: