ՀՕՄի Սան Ֆերնանտօ Հովիտի «Անահիտ» մասնաճիւղի շաբաթօրեայ վարժարանը աւարտեց իր 2017 տարեշրջանը բեղուն գործունէութեամբ, եւ ներկայացուց իր ամավերջի հարդէսը Յունիս 16ին, երեկոյեան ժամը 7ին, Ֆերահեան Ազգային վարժարանի «Աւետիսեան» սրահին մէջ:
Ներկայ էին Ռազմիկ Ա. քհնյ. Խաչատուրեան, Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչը, մասնաճիւղի վարչութեան ամբողջ կազմը, ՀՕՄուհիներ, ծնողներ եւ բարեկամներ:
Ամերիկեան եւ հայկական քայլերգներով սկսաւ հանդէսը։ Օրուան հանդիսավարը՝ Շուշիկ Առաքելեան, հակիրճ կերպով տուաւ դպրոցական տարեշրջանի գործունէութիւնը, ապա հրաւիրեց տէր հայրը, որպէսզի բացման աղօթքը կատարէ: «Տէրունական» աղօթքէն ետք տէր հայրը շնորհաւորեց բոլոր ծնողները, տնօրէնուհին եւ ուսուցչական կազմը:
Հանդէսը սկսաւ մանկապարտէզի փոքրերով, որոնք իրենց խանդավառ երգերով, արտասանութիւններով եւ պարով, մեծ ուրախութիւն պատճառեցին բոլոր ներկաներուն, մանաւանդ ծնողներուն, մեծ հայրերուն ու մեծ մայրերուն: Պարի ուսուցչուհի Արմինէ Խաչատրեան ջանք չէր խնայած, որպէսզի հայ մանուկը պարէ հայկական ոգիով:
Ա. եւ Բ. կարգերու աշակերտները կատարեցին արտասանութիւններ: Էմըլի Բրուտեան դաշնամուրի վրայ ելոյթ ունեցաւ:
Շատ տպաւորիչ էր թատրոնը՝ «Գրերու Գիւտը», որուն մասնակցեցան Ա.-Ե. կարգի աշակերտները: Թատրոնի աւարտին, երբ Մ. Մաշտոց հայկական տառերով վերադարձաւ Հայաստան, բեմը զարդարուեցաւ հայոց այբուբենով, աշակերտները ամէն մէկ տառով սկսող նախադասութիւններ արտասանեցին, մեծ տպաւորութիւն ձգելով հանդիսատեսին վրայ:
Հանդէսը շարունակուեցաւ երգերով, կատարողութեամբ բարձր կարգերու աշակերտներու՝ ուսուցչուհի Արաքսիա Վարդերեսեանի ղեկավարութեամբ: Անոնք երգեցին «Գետաշէն», «Աղջկայ երգը», «Խնկի ծառ» եւ «Թելլօ» երգերը: Վերջին երկու երգերը կատարուեցան պարի ընկերակցութեամբ, ալ աւելի փայլք տալով յայտագիրին: Իսկ «Հայաստան» պարը աշակերտները պարեցին մեծ խանդավառութեամբ, ներկաները ոգեւորութեան գագաթնակէտին հասցնելով:
2017 տարեշրջանի միակ աւարտողը՝ Էմըլի Բրուտեան, ապրումով ասմունքեց «Ուսուցիչը» ոտանաւորը:
Հանդէսի աւարտին խօսք առաւ երկար տարիներու մանկավարժական փորձառութիւն ունեցող տնօրէնուհի Աշխէն Փափազեան: Ան հպարտութեամբ նշեց, որ այդ երեկոյ միասնաբար վայելեցինք մեր աշակերտներուն արտասանութիւնները, երգերն ու պարերը:
Աշխէն Փափազեան իր խօսքին մէջ յիշեց Արամ Ա. կաթողիկոսի խօսքը վերանորոգումի վերաբերեալ, եւ յանձնարարեց, որ միայն այս տարիով պէտք չէ սահմանափակուիլ, պէտք է մեր կեանքի ուղին դարձնել այս ուխտը: Ան ինքնավստահ կերպով յայտարարեց ծնողներուն, որ իրենց զաւակները ապագային պիտի զարմացնեն զիրենք իրենց փայլուն յաջողութիւններով:
Ան օրինակ տուաւ Հայաստանի մէջ կայացած «Օրօրա»ի հանդիսութիւնը՝ կազմակերպուած հայ գործարարներու կողմէ: Ան շեշտեց հոն արտասանուած արտայայտիչ նախադասութիւնը. «Հայերը քիչ են, բայց մեծ կը մտածեն»:
Ան յիշեց Խնամակալ մարմինի կազմակերպած զարգացման մրցոյթը, ուր մեր աշակերտները անսխալ պատասխաններով հպարտութիւն պարգեւեցին իրենց ծնողներուն եւ ուսուցիչներուն:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Շրջանային վարչութեան, «Անահիտ» մասնաճիւղի վարչութեան, բոլոր օգնականներուն, յանձնախումբի անդամներուն եւ ծնողներուն, իրենց զոհողութիւններուն համար: Ապա ան ներկայացուց միակ շրջանաւարտ Էմըլի Բրուտեանը՝ իբրեւ տիպար եւ օրինակելի աշակերտուհի:
Էմըլի Բրուտեան մաքրամաքուր հայերէնով կատարեց իր հրաժեշտի խօսքը, որուն մէջ ըսաւ. «Չորս տարեկանէս սկսած եմ յաճախել այս սիրելի վարժարանը, եւ տասը տարի ամէն շաբաթ շարունակ ուրախութեամբ եկած եմ դպրոց՝ սորվերու հայերէնն ու հայ մշակոյթը»:
Վարչութեան խօսքը փոխանցեց ատենապետուհի Անգինէ Ակոբեան: Ան ողջունեց բոլորին ներկայութիւնը եւ գնահատեց ծնողներուն զոհողութիւնը, որ ամէն շաբաթ իրենց բազմազբաղ առօրեայէն ժանանակ կը տրամադրեն, որպէսզի իրենց զաւակները չզրկուին հայեցի դաստիարակութենէն:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ տնօրէնուհիին, ուսուցչական կազմին, օգնական տիկիններուն եւ յանձնախումբի անդամներուն:
Ընդունուած սովորութեան համաձայն՝ այս տարի եւս ան յիշատակի նուէր մը փոխանցեց աւարտական Էմլի Բրուտեանին հանգուցեալ «Վարդիթեռ Մկրտիչեան» հիմնադրամին կողմէ:
Հանդէսի աւարտին, ուսուցչուհիները բեմ հրաւիրուեցան եւ ծաղկեփոյնջերով գնահատուեցան:
Տեղի ունեցաւ ծնողներուն կողմէ նուիրուած հիւրասիրութիւն:
Վարձքերնիդ կատար եւ ապահով արձակուրդ բոլորին:
Թղթակցութիւնը՝ մասնաճիւղէն