Քրիստոնէական դաստիարակութիւնը այսօրուան մեր ընկերութեան մէջ ունի իր առաջնորդող դերակատարութիւնը՝ ջամբելով բարոյական ու հոգեւոր սնունդ, որոնք անհրաժեշտ են իւրաքանչիւր քրիստոնեայ անհատի համար, ամէն տարիքի ու դասակարգի պատկանող:
Հայ եկեղեցին եւս, Քրիստոսահիմն իր նկարագիրով ու դարաւոր աւանդութեամբ մեծապէս նպաստած է հայ անհատի հոգեմտաւոր առողջ աճման ու գոյատեւման: Ի մասնաւորի հայ մանուկին, պատանիին ու երիտասարդին համար հայ եկեղեցին ու քրիստոնէական արժէքները անանցանելի հարստութիւններ են, որոնք որպէս վահան ամրութեան կը պաշպանեն ամէն տեսակ մոլորեցումէ ու սայթաքումներէ:
Օրենճ Քաունթիի Ս. Քառասնից Մանկանց Հայց. առաքելական եկեղեցին, 4րդ տարին ըլլալով, այս տարի եւս ունեցաւ իր տարեկան ամառնային Ս. Գրոց վարժարանը, Յունիս 19-23, երբ միաշաբաթեայ ծրագիրով մը ի մի համախմբեց գաղութի խումբ մը մանուկներ ու պատանիներ, որոնք երիտասարդ կամաւորներու մասնակցութեամբ ու առաջնորդութեամբ ունեցան անմոռանալի յիշատակներով լեցուն շաբաթ մը, լիցքաւորուելով քրիստոնէական ու հայ եկեղեցւոյ արժէքներով, գիտութեամբ ու ոգիով:
Աշակերտները առիթ ունեցան մօտէն ծանօթանալու Աստուածաշունչին, Քրիստոսի կեանքէն դրուագներու ու պատուիրաններուն: Անոնք սորվեցան աղօթել, շարականներ երգել, հայ եկեղեցւոյ տօներուն ու աւանդութեանց ծանօթանալ, ձեռային աշխատանքներ պատրաստել ու մտերմիկ ընկերային պահեր ունենալ, խաղալ ու զուարճանալ:
Տեղի ունեցան սահիկներու միջոցաւ ներկայացումներ, ինչպէս նաեւ հարց-պատասխանի պահեր:
Վերջին օրը աշակերտները ուղղուեցան եկեղեցի, ուր կատարեցին ներկայացումներ ու ստացան գնահատագիրներ, որմէ ետք զուարթ ժամանակ մը ունեցան զանազան խաղերու մասնակցելով:
Աշակերտները մեկնեցան ամառնային արձակուրդի, իրենց հետ տանելով քրիստոնէական հաւատքի ջահը, միաժամանակ վերանորոգելով հայ եկեղեցւոյ հանդէպ իրենց կապուածութիւնը:
Վարձքը կատար կազմակերպողներուն, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներուն, կամաւորներուն ու ծնողներուն:
Թղթակցութիւնը՝
Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցիէն