ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայ ժողովուրդը հազարամեակներու ընթացքին կերտած է հարուստ, ինքնատիպ երաժշտութիւն, որուն նուրբ հիւսուածքներուն մէջ արեւմուտքի միտքն ու աւանդոյթը շաղախուած են, արեւելեան խորհրդաւոր հմայքով:
Մեր հոգեւոր երաժշտական ժառանգութիւնը քրիստոնէական աշխարհի հնագոյններէն է, իսկ ժողովրդական երաժշտութեան որոշ ինքնատիպ օրինակներ մեզ հասած են դեռեւս նախաքրիստոնէական ժամանակներէ:
Դժբախտաբար բազմազան ու մեծ պատմական եւ գեղարուեստական արժէք ներկայացնող այս երաժշտութեան ծանօթ չէ միջազգային երաժշտասէր հանրութիւնը: Նոյն վիճակին մէջ կը գտնուի հայ երաժշտութեան ձայնանիշերու ոլորտը: Ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ առ այսօր ձայնանիշերու համաշխարհային շուկային վրայ հայ ազգային երաժշտութիւնը ներկայացնող նմոյշներ գրեթէ չկան:
Կոմիտասի, Մաշտոցի, Շնորհալիի, Նարեկացիի եւ միւս հայ հսկաներու հանճարեղ գործերը դեռեւս կը սպասեն համաշխարհային երաժշտական գրադարաններու մէջ իրենց արժանի տեղը գրաւելու:
Նկատի առնելով այս բոլորը, 2013ին «Մշակութային Վերածնունդ» հիմնադրամին կողմէ ձեւաւորուած աշխատանքային խումբը, որ բաղկացած է Հայաստանի առաջատար երաժշտագէտներէ, ստանձնեց ժողովրդական, աշուղական եւ հոգեւոր երաժշտութեան՝ ձեռագիր եւ նախապէս տպագրուած ձայնանիշերու ուսումնասիրութիւնը: Այս ծիրէն ներս ընտրուեցան երաժշտական ամէնէն արժէքաւոր նմոյշները եւ սկսաւ անոնց թուայնացման ու վերահրատարակման գործընթացը: Այս ընթացքին շուրջ 3000 էջ ձայնանիշեր թուայնացուեցան:
Շնորհիւ այս նախագիծին, վերջապէս, 100 տարի ետք, ի կատար ածուեցաւ Կոմիտաս վարդապետի ծրագիրը. լոյս տեսաւ իր կողմէ կազմուած «Հազար Ու Մի Խաղ» 100 ժողովրդական երգերու ընտրանին, որ անվճար յատկացուած է գրադարաններու, ուսումնական եւ հոգեւոր հաստատութիւններու, աշխարհասփիւռ հայ համայնքներու:
Հարիւրէ աւելի մասնագէտներու արդիւնաւէտ համագործակցութեան շնորհիւ ստեղծուեցաւ առցանց երաժշտական ձայնադարան, տեսադարան եւ գրադարան՝ http://www.armenianmusic.am հասցէով, ուր զետեղուած են հայ ժողովրդական, հոգեւոր եւ աշուղական երաժշտութեան հարիւրաւոր գոհարներ՝ Հայաստանի լաւագոյն երաժիշտներու բարձրաճաշակ հեղինակային կատարումներով: Բոլոր հոգեւոր եւ ժողովրդական ստեղծագործութիւնները ներկայացուած են նաեւ համապատասխան ձայնանիշերով:
«Մշակութային Վերածնունդ» հիմնադրամի աշխատանքային խումբը իրականացուցած է ծրագիրի երկրորդ փուլը: Համաշխարհային հանրութեան հասանելի տեսքով եւ ձեւակերպումով հրատարակուած են հայ հոգեւոր երաժշտական կարեւորագոյն մատեաններ: Առաջինը Մակար Եկմալեանի՝ երգչախումբի համար գրուած Սուրբ պատարագն է՝ եռաձայն արական, քառաձայն արական եւ քառաձայն խառն կազմերու համար, որ առաջին անգամ հրատարակուած է 1896ին՝ Լայպցիկի մէջ: Այժմ, շուրջ 120 տարի ետք, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի օրհնութեամբ, Սուրբ պատարագի բազմաձայնումը վերահրատարակուած է, ձայնանշային ժամանակակից չափանիշներուն համապատասխան, լատինատառ տառադարձութեամբ, երաժշտագիտական նախաբանով, վերլուծութիւններով եւ անոնց անգլերէն թարգմանութեամբ՝ հայ եկեղեցւոյ գլխաւոր ծէսի այս կարեւորագոյն նմոյշը միջազգային հանրութեան եւ Սփիւռքին հասանելի դարձնելու համար:
Այսպիսով, առաջին անգամն ըլլալով, հայ հոգեւոր երգասացութիւնները հասանելի պիտի դառնան աշխարհին եւ իրենց արժանի տեղը գրաւեն համաշխարհային հոգեւոր երաժշտութեան անդաստանին մէջ:
Այս նախաձեռնութեան գաղափարի հեղինակն է «Մշակութային Վերածնունդ» հիմնադրամի հիմնադիր-նախագահ Արթուր Ջանիբեկեան: