ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Կարծեցեալ խաղաղութիւն մը կը տիրէ պոլսահայ եկեղեցական կեանքին մէջ: Այս խաբուսիկ տպաւորութիւնը գոյացաւ տեղապահ սրբազանին՝ իր պաշտօնը ստանձնելով: Ան արդէն ապահովեց պետական իշխանութիւններուն հետ շփումներ, որոնք երաշխիքը կը համարուին յառաջիկայ քանի մը ամիսներուն ընթացքին պատրիարքական ընտրութեան իրականացման:
Կ՛երեւի թէ բոլորս կարօտ էինք այս հանգրուանին, որուն տիրանալով՝ մատնուեցանք զգալի անփութութեան: Ներկայ դրութեան մէջ կարիքը չտեսանք Արամ արք. Աթէշեանի «պաշտօնապէս չեմ հրաժարած» խօսքին վրայ ծանրանալու: Ան բաւական յստակ կերպով ըսած էր այդ խօսքը, որուն մէջ կարելի էր տեսնել սպառնական երանգ մը: Արդարեւ, Արամ արք. տեղապահ սրբազանին պահանջն ալ մերժելով՝ խուսափեցաւ փոխանորդի պաշտօնէն հրաժարելէ, որուն իբրեւ հետեւանք Կրօնական ժողովը վերացուց իր փոխանորդի կոչումը:
Սակայն ներկայ դրութեամբ, տակաւին բաւական անստոյգ երեւոյթներ կան ու կը մնան: Յիշենք, որ պետական մարմինները տեղապահի ընտրութենէն անմիջապէս ետք յայտարարեցին, թէ չեն ընդունիր կատարուած ընտրութիւնը եւ կը շարունակեն ճանչնալ միայն ու միայն գործող փոխանորդը: Արդեօք հիմա ալ կրնա՞յ պատահիլ, որ նոյն պետական շրջանակները անգոյ համարեն Կրօնական ժողովի այս վերջին որոշումը: Նման հաւանականութիւն կը նշանակէ, թէ Արամ արք. իր ձեռքին մէջ պիտի պահէ պատրիարքարանի անունով գործելու լիազօրութիւնը: Երեւոյթին լրջութիւնը ա՛լ աւելի կը շեշտուի՝ յիշելով այս վերջինիս՝ լումայական հաշիւներու նկատմամբ ունեցած հետաքրքրութիւնը:
Գարեգին սրբազան իր բարի ու հեզ կեցուածքով կրնայ ճակատումներէ խուսափելով՝ աւելի խաղաղ ու համերաշխ լուծումներ որոնել: Եղանակը այնպէս կամ այսպէս, պատրիարքական աթոռի առկայ բռնագրաւումը ինք ալ կը դնէ պատասխանատուութեան դիմաց: Վերջապէս բնաւ դիւրին չէ հայոց մեծ բանաստեղծ Եղիշէ Չարենցի «միջազգային պոռնիկ» կոչումով յիշած Պոլսոյ մէջ իշխանութիւն նաւարկել:
Մնաց որ այժմու պոլսահայուն դիմաց ծառացած խնդիրները միայն պատրիարքական ընտրութեամբ սահմանուած չեն: Ունինք նոյնքան կարեւոր հարց մը՝ համայնքային հաստատութիւններու վարչութիւններուն ընտրութեան խնդիրը: Չորս տարուան ծառայութեան համար ընտրուած հոգաբարձուներ, խնամակալներ կամ թաղականներ արդէն իսկ բոլորած են երկրորդ քառամեակը եւ հորիզոնին վրայ նշմար մը չ՛երեւիր ընտրութեան հաւանականութեան մասին:
Կառավարութիւնը տարիներ առաջ խոստացած էր ներկայ պայմաններուն համապատասխան նոր կանոնագիր մը պատրաստել եւ այդ կանոնագիրին հիման վրայ կազմակերպել փոքրամասնութիւններու հաստատութիւններու վարչակազմերուն ընտրութիւնը: Այդ կանոնագիրէն մինչեւ օրս լուր մը չէ ելած:
Արամ Արք.ի նման օրինականութիւնը կորսնցուցած են նաեւ մերօրեայ համայնքային վարիչները, բայց օրինաւոր կանոնագիրի մը բացակայութեան բերմամբ կը շարունակեն մեր անունով մեր կամքին խորթ ելոյթներ ունենալ:
Ոչ ոք կրնայ երաշխաւորել որ Սուրբ Երրորդութիւն եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդը յանկարծակիօրէն կամայական որոշումով մը ծախէ կամ ծախելու համազօր պայմաններով վարձէ Թոքաթլըեան խանի նման կալուած մը: Նոյնպէս հասարակութիւնը ոչ մէկ տեղեկութիւն ունի Յովակիմ 1461 հիմնադրամի անունով կատարուածներէն:
Ափսոս որ ընկերային կեանքի մէջ կարեւորագոյն սկզբունքը՝ հասարակութեան դիմաց թափանցիկութիւնը, բաւական հեռու երեւոյթ մըն է մեր եկեղեցական աստիճանակարգի հիման վրայ ձեւաւորուած վարչամեքենային համար: Մինչդեռ սխալ ռազմավարութիւններով հալած, մաշած ու նուազածը մեր միասնական հարստութիւնն է: Աւելի յստակ խօսքով՝ ազգային հարստութիւնը:
Եթէ այսօր մտահոգութիւններ կան այդ հարստութեան թալանման շուրջ, կը նշանակէ թէ ո՛չ միայն տեղապահը, այլ բոլորս յայտնուած ենք լուրջ փորձաքարի մը դիմաց: