ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Կիրակի, Յուլիս 9ին, կ.ե. ժամը 1ին, յաւարտ Ս. պատարագի, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ (6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214 ) տեղի պիտի ունենայ Քրեսենթա Հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբի կազմակերպած նուագահանդէսը՝ «Հոգեւոր Երաժշտութեան Գանձեր» խորագիրով: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն մեներգիչ Վահագն Յովենց, դաշնակահար Արմէնուհի Տէրտէրեան եւ ասմունքող Ռոզաննա Ուլիկեան:
Յայտագիրը պիտի ընդգրկէ տաղեր եւ մեղեդիներ՝ Ս. պատարագէն, ինչպէս նաեւ շարականներ մեր միջնադարեան հոգեւոր երաժշտութենէն, յօրինուած մեր սուրբերու կողմէ: Այս մեղեդիները լոկ երաժշտական յօրինումներ չեն, այլ յայտնութիւններ են, որոնք կը մեծարեն մեր գերագոյն սրբութիւնները:
Նուագահանդէսին պիտի հնչեն Ս. Գրիգոր Նարեկացիէն փունջ մը հոգեպարար շարականներ եւ աղօթքներ, որոնք ունկնդիրներուն մօտ պիտի ստեղծեն հոգեւոր մթնոլորտ եւ պիտի բացուին աղօթքի վերացական աշխարհի դռները:
Ստորեւ կենսագրական հակիրճ տեղեկութիւններ նուագահանդէսի մասնակիցներուն մասին.
– Վահագն Յովենց Bass ձայնով դասական մեներգիչ է: Դոկտորական վկայականը ստացած է Երեւանի Պետական երաժշտանոցէն: Ունի միջազգային ճանաչում որպէս հոգեւոր երաժշտութեան մենակատար: Երգած է Միացեալ Նահանգներու, Գանատայի, Աւստրիոյ, Գերմանիոյ, Իտալիայի, Մոնագոյի, Ֆրանսայի, Լեհաստանի, Իրանի, Սուրիոյ Եւ Ռուսիոյ շարք մը քաղաքներուն մէջ: Վահագն Հովենց «American Protege International Concerto» մրցումին հանդիսացած է առաջին մրցանակակիր, ելոյթ ունենալով «Քարնըկի» սրահին մէջ, իսկ երկրորդ մրցանակակիր եղած է «New York Oratorio Solo» մրցումին: Ներկայիս ան մեներգիչն է «Camerata of Los Angeles»ի, «New Hope Singers of Los Angeles Elite Chorus & Orchestra»ի եւ «Pasadena Master Chorale»ի: Որպէս մեներգիչ ան հանդէս եկած է Պախի, Հայտընի, Մոցարթի, Հենտըլի, Պեթհովենի, Վերտիի, Տվորժաքի եւ Շուպերթի ստեղծագործութիւններով: Անդամ է Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ երգչախումբին:
– Արմէնուհի Տէրտէրեան վկայուած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցէն որպէս դաշնակահարուհի, Մագիստրոսի աստիճանով: Դասաւանդած է նոյն երաժշտանոցին մէջ 1986-1991 տարիներուն: Ան Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ երգեհոնահարն է 1993 թուականէն սկսեալ, իսկ իր մանկավարժական գործունէութիւնը սկսած է Երեւանի մէջ, դասաւանդելով երաժշտութիւն՝ Սպենդիարեան դպրոցին մէջ, ապա նոյն գործունէութիւնը շարունակած է Լոս Անճելոսի մէջ, իր գիտելիքները փոխանցելով երիտասարդ սերունդին:
– Ռոզաննա Ուլիկեան վկայուած է Կիրովականի պետական համալսարանէն, որպէս երկրորդական վարժարաններու ուսուցչուհի եւ ասմունքող: Ան աշխատակցած է «Ազդակ» եւ «Ասպարէզ» լրագիրներուն, իբրեւ թղթակից: 1993էն սկսեալ, Ռոզաննան անդամ է ՀՕՄին: Այժմ ան քարտուղարուհին է Ս. Աստուածածին Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ:
Կը հրաւիրենք բոլորը, ներկայ գտնուելու նախ Ս. պատարագին, ապա այս գեղեցիկ նուագահանդէսին, որուն մուտքը ազատ է:
Անոնք, որոնք կը փափաքին քաջալերել մեր հերթական դասախօսութիւնները եւ հովանաւորել մեր յառաջիկայ դասախօսական ձեռնարկները, կրնան դիմել՝ cvarmenianchurch@gmail.com հասցէին։
(Թղթակցութիւնը՝ եկեղեցիէն)