ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ուրբաթ, Յուլիս 7էն Յուլիս 28ի միջեւ, իւրայատուկ արուեստագէտ Ժիրայր Զորթեանի (1911-2004) նուիրուած քանի մը նախաձեռնութիւններ պիտի իրականանան «Ռոսլին» ցուցադրասրահին եւ «Ապրիլ» գրատան մէջ։
Նախ, արուեստագէտին նուիրուած վաւերագրական ժապաւէնը՝ «Զորթեան Մոլորակ»ը, պիտի ցուցադրուի Յուլիս 7ին, երեկոյեան ժամը 7։30ին, «Ապրիլ» գրատան Հայկական շարժապատկերի ընկերակցութեան ձեռնարկներուն ծիրէն ներս։ Ֆիլմը բեմադրուած է Առնօ Երէցեանի, Յարութ Առաքելեանի, Լիսա Չաքմաքեանի եւ Սեւակ Վրէժի կողմէ եւ զայն պիտի ներկայացնէ Քէյսի Հերզը։
Յուլիս 14էն 24, «Ռոսլին» ցուցադրասրահին մէջ առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան պիտի ներկայացուի Զորթեանի «The Divorcement» ստեղծագործութիւնը, որ 1954էն ի վեր արկղի մը մէջ պահուած էր։ Արուեստագէտը զայն գծած է Պեթի Ուիլըմզէն ամուսնալուծութենէն ետք։ Սոյն գործին կողքին պիտի ցուցադրուին Զորթեանի շարք մը այլ ստեղծագործութիւնները։

Ցուցահանդէսին բացումը տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Յուլիս 14ին, երեկոյեան ժամը 7ին, իսկ Յուլիս 15ին, կ.ե. ժամը 2ին, տեղի պիտի ունենայ արուեստագէտին եւ անոր գործերուն նուիրուած քննարկում մը, մասնակցութեամբ՝ Սէյպըրն Զորթեանի, Փօլ Քարլսթորմի եւ Փաթրիսիա Ֆըրպըրի։ Քննարկումը պիտի համադրէ Թամ Քոսթըն։
Ցուցադրասրահին եւ գրատան հասցէն է՝ 415 E. Broadway, Glendale CA 91205. ցուցադրասրահը բաց է առաւօեան ժամը 10էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7։
Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար, հեռաձայնել (818) 241-0611 թիւին, կամ դիմել noor@abrilbooks.com հասցէին: