ԵՐԵՒԱՆ, «Առաւօտ».- Վերջերս, պաշտպանութեան նախարարութիւնը (ՊՆ) քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչ-հասարակական կազմակերպութենէ մը հարցում ստացած է՝ յայտնի պաշտօնեաներու զաւակներու բանակին մէջ ծառայութեան մասին:
Նախարարութեան համալիրին մէջ, Չորեքշաբթի օր լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին նախարար Վիգէն Սարգսեան յայտնեց, որ «48 հոգու ցուցակ էր տրուած: Հարցումը գրագէտ էր կազմուած: Իրաւունք չունենք չպատասխանել: Այսօր պատասխանը տուել ենք: 48ից 26ը ծառայել են, 2ը ՀՀ քաղաքացիութիւն չունեն, մէկը պահեստազօրի բժշկական սպայ է, որը ակտիւ ծառայութիւն չի անցել: Վեցը տարկէտման (յետաձգումի-Խմբ.) իրաւունք ունի, իսկ 16ը ազատուած է ծառայութիւնից»:
«Կարծում եմ՝ հանրային պաշտօն զբաղեցնող անձինք պէտք է հաշուի առնեն, որ հանրային ուշադրութիւնը իրենց ընտանիքների հանդէպ մեծ է», աւելցուց նախարարը:
Պաշտպանութեան նախարարը նաեւ ըսաւ, որ զօրակոչի ժամանակ անհատի մը պաշտօնեայի զաւակ ըլլալու փաստը նկատի չեն առներ:
«Այս պահին ունենք բարձր պաշտօնեաների զաւակներ, որոնք ծառայում են նաեւ առաջնագծում. երկուսն ունեն զօրացրման ցուցում՝ պայմանաւորուած առողջութեամբ, բայց զօրացրում չենք իրականացնում, որովհետեւ կը ստացուի՝ պաշտօնեայի երեխայ է, դրա համար զօրացրեցինք», ըսաւ նախարարը:
Զինուորական ծառայութենէ զերծ մնալու համար՝ պէտք է հատուցուի բարձր գումար՝ օրինակ՝ 50 միլիոն ՏՐԱՄ… այսպիսի օրէնք կար Սուրիոյ մէջ… Առաւել՝ ընտանիք մը որ մէկ մանչ զաւակ ունի՝ զերծ կը մնայ Զինուորական պարտականութենէ…