ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Յուլիս 2ին Ախալցխա պիտի այցելէ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեան, կը հաղորդէ «Ախալցխա.նեթ» կայքը:
Զարեհ Սինանեանի հետ Ախալցխա պիտի այցելեն Միացեալ Նահանգներէն, Հայաստանէն եւ այլ երկիրներէ շարք մը հիւրեր: Այցելութեան ընթացքին կը նախատեսուի այցելութիւն հայկական եկեղեցիներ, ինչպէս նաեւ ծաղկեպսակի տեղադրում Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։
Ծաղկեպսակներ պիտի դրուին նաեւ Կարապետ Բագրատունի սրբազանի շիրիմին, 1918ի Ախալցխայի ինքնապաշտպանութեան հերոսներու յուշարձանին եւ Ապրիլ 9ի զոհերու յիշատակին:
Յուլիս 3ին կը նախատեսուի պատուիրակութեան հանդիպումը Սամցխէ-Ջաւախքի նահանգապետ Աքաքի Մաճուդաձէյի եւ Վրաստանի շարք մը պատգամաւորներու եւ տեղական իշխանութիւններու ներկայացուցիչներու հետ: Նոյն օրը, Ախալցխայի մէջ տեղի պիտի ունենայ հանդիպում՝ քաղաքի հայ հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ:
Յուլիսի 4ին պատուիրակութիւնը պիտի այցելէ Ախալքալաք: