ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը (ՀՀ ԱԱԾ) դիմած է կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան՝ ոչ-պետական համալսարաններու մէջ յայտնաբերուած խախտումները վերացնելու եւ յետագային բացառելու ուղղութեամբ միջոցներ ձեռնարկելու համար:
«Ոչ-պետական ԲՈՒՀերի (համալսարաններու) երեք ռեկտորների կողմից շահադիտական դրդումներով դասընթացներին չմասնակցած, իսկ առանձին դէպքերում՝ նաեւ ընթացիկ ու աւարտական քննութիւններին չներկայացած անձանց կեղծ աւարտական դիպլոմներ (վկայականներ) յատկացնելու դէպքերով քրէական գործերով պարզուել են, որ դիպլոմներ են յատկացուել ՀՀ՝ 2, Իրանի՝ 1, ԱՄՆ՝ 8, ՌԴ՝ 2, Ուզբեկստանի՝ 1, Իսրայէլի՝ 1, Վրաստանի՝ 5 քաղաքացիների», կը յայտնէ ԱԱԾի կողմէ հրապղարակուած հաղորդագրութիւնը:
Կեղծ վկայականներ տրամադրելու մէջ մեղադրուող՝ հայաստանեան ոչ-պետական երկու համալսարաններու տնօրէններ դատարանի որոշումով մեղաւոր գտնուած են, երրորդին վերաբերեալ նախաքննութիւնը կը շարունակուի: