ԵՐԵՒԱՆ, «Հայերն Այսօր».- Յունիս 26ին, սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցաւ երիտասարդներու հայրենաճանաչութեան «Արի Տուն» 2017 ծրագիրի 2րդ փուլի բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը:
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Ապա ելոյթ ունեցան տարբեր երկիրներէ ծրագիրին մասնակցելու եկած երեխաները, որոնք նաեւ ասմունքեցին ու երգեցին, այնուհետեւ շուրջպար բռնեցին:
Ծրագիրի 2րդ փուլին կը մասնակցին 109 սփիւռքահայ պարման-պարմանուհիներ աշխարհի 8 երկիրներէ՝ Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Պելոռուսէն, Իւզպեքիստանէն, Վրաստանէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն եւ Հունգարիայէն: