ԵՐԵՒԱՆ.- Երկուշաբթի, 26 Յունիսին, Սթրազպուրկի մէջ մեկնարկեց Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի ամառնային նստաշրջանը, որ պիտի տեւէ 26էն 30 Յունիս:
Նստաշրջանի բացման ԵԽԽՎ փոխնախագահի պաշտօնին ընտրուեցաւ ԵԽԽՎի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան ղեկավար, Ազգային ժողովի փոխնախագահ Արփինէ Յովհաննիսեան:
Յիշեցնենք, որ նախորդ նստաշրջանին, Հայաստանի կողմէ փոխնախագահի պաշտօնը կը զբաղեցնէր Հերմինէ Նաղդալեան:
Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, ԵԽԽՎի մէջ Հայաստանի պատուիրակութեան կազմը փոխուած է, որ երէկ եւս հաստատուեցաւ վեհաժողովին ընթացքին: