ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութիւնը կը տեղեկացնէ, թէ ընկերակցութեան երկարամեայ անդամներէն եւ անոր նախկին նախագահ Վազգէն Եարտըմեան ՄԱԿի Բարգաւաճման ծրագիրներու բաժանմունքին կողմէ նշանակուած է Լիբանանի կենսոլորտային հարցերու նախարարութեան խորհրդական։
Նշենք, որ Եարտըմեան Քալիֆորնիոյ Հարաւային ծովեզերեայ շրջաններու օդի որակի վարչութեան բարձրաստիճան կենսոլորտային ճարտարագէտներէն մէկն է:
Ան մագիստրոսի տիտղոսը Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆուլըրթընի մասնաճիւղէն ստացած է եւ ՄԱԿի ու զանազան զարգացող երկիրներու իշխանութեանց հետ ծրագիրներ իրականացուցած է աշխարհի տարածքին: Ան Հայաստանի կենսոլորտային հարցերու նախարարութեան մօտ եւս խորհրդական եղած է։
Վազգէն Եարտըմեան 2001ին ընտրուած է Քրեսենթա հովիտի ջրատարածքի վարչութեան անդամ եւ վերընտրուած է 2005ին եւ երկու առիթներով եղած է վարչութեան ատենապետ: 1998էն 2002, ան եղած է նաեւ Քրեսենթա հովիտի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ անոր ատենապետը՝ 1999ին ու ծառայած է զանազան կազմակերպութեանց մէջ: Ան նաեւ եղած է Լոս Անճելըսի գաւառի առողջապահական խորհուրդի անդամ։