ԵՐԵՒԱՆ, «Հայերն Այսօր».- Հինգշաբթի, Յունիս 22ին, Քանոկա Փարքի ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի սաները՝ տնօրէն Արփի Աւանէսեանի գլխաւորութեամբ, հիւրընկալուեցան Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան մէջ:
2016-2017 ուսումնական տարեշրջանին ընթացքին դպրոցի աշակերտութեան կողմէ իրականացուած՝ «Օգնենք Սուրիահայութեան» խորագիրով դրամահաւաքին հասոյթը՝ 3000 տոլարը, վարժարանի մանկավարժական եւ աշակերտական կազմը որոշած էր տրամադրել Հայաստան բնակութիւն հաստատած սուրիահայ բազմազաւակ անապահով ընտանիքներուն:
Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի «Օգնենք մարդկութեան արուեստի միջոցով» խմբակի աշակերտները արդէն իսկ 2016ի Ապրիլին տեղի ունեցած քառօրեայ պատերազմի օրերուն կազմակերպած էին դրամահաւաք եւ գոյացած 6200 տոլարը օրին տրամադրած էին քառօրեայ պատերազմին ընթացքին զոհուած եւ վիրաւորուած զինուորներու ընտանիքներուն:
Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի անունով ողջունելով հանդիպման մասնակից վարժարանի սաները եւ սուրիահայ ընտանիքները՝ նախարարութեան աշխատակազմի ղեկավար Ֆիրդուս Զաքարեան նշեց, որ ամենակարեւորը հայ երեխային մէջ փոքր տարիքէն հայրենակիցին օգնելու գաղափարին սերմանումն է:
«Այսօր վարժարանի սաների օգնութիւնը տրամադրւում է սիրիական պատերազմի հետեւանքով Հայաստանում հաստատուած առաւել կարիքաւոր 8 սիրիահայ բազմազաւակ ընտանիքներին: Շնորհակալ ենք ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանի մանկավարժներին եւ երեխաների ծնողներին, որ ապրելով հեռաւոր Միացեալ Նահանգներում՝ ամէն ջանք գործադրում են մեր մանուկներին հայեցի դաստիարակելու եւ կրթելու համար», աւելցուց ան:
Զաքարեան ընդգծեց, որ ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը առաջիններէն եղած է, որ միացած է սփիւռքի նախարարութեան՝ «Դու ի՞նչ ես անում Արցախի համար» եւ «Նամակ հայ զինուորին» շարժումներուն:
«Վարժարանի մանուկների ձեռքով գրուած նամակները հասել են հէնց խրամատներում կռուող հայ զինուորներին: Նրանք կարդացել են, յուզուել եւ իրենց հերթին իրենց պատասխաններն են գրել վարժարանի սաներին: Այսօր մենք ձեզ ենք փոխանցում հայ զինուորների նամակները, որ վստահ եմ՝ մասունքի նման պիտի պահէք ու պահպանէք», նշեց աշխատակազմի ղեկավարը:
Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման տարբեր բնագաւառներու մէջ ծրագիրներ իրականացնելու համար, ՀԲԸՄ Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարանը պարգեւատրուած էր սփիւռքի նախարարութեան շնորհակալագիրով: Ֆիրդուս Զաքարեան վարժարանի տնօրէն Արփի Աւանէսեանին յանձնեց շնորհակալագիրը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ տնօրէնը հաստատեց, որ երեխաները սիրով եւ մեծ պատասխանատուութեամբ կը վերաբերին հայրենիքին եւ իրենց հայրենակիցներուն օգնելու գործին:
«1976ին հիմնադրուած վարժարանը այսօր ունի 700 աշակերտ: Կը դասաւանդենք նաեւ հայոց լեզու, գրականութիւն, մշակոյթ, պատմութիւն, կրօն եւ երաժշտութիւն, ինչպէս նաեւ կը գործեն հայկական պարի ու ճատրակի խմբակներ: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս մեր վարժարանի սաները իրենց երկշաբաթեայ հանգիստը կ՛անցնեն Հայաստանի մէջ, այցելելով հայրենիքի տեսարժան վայրերը: Մենք ամէն ինչ կ՛ընենք, որ մեր սաները ամենափոքր տարիքէն ճանչնան եւ սիրեն հայոց լեզուն, հայրենիքը եւ իրենց զաւակներուն փոխանցեն մեր Ոսկեղենիկ Մայրենին», ըսաւ Արփի Աւանէսեան:
Այնուհետեւ, վարժարանի տնօրէնը, սաներու մասնակցութեամբ, հանդիպման մասնակից սուրիահայ ընտանիքներու ներկայացուցիչներուն յանձնեց հաւաքուած գումարները:
Շնորհակալութեամբ ընդունելով օգնութիւնը՝ սուրիահայ ընտանիքներու ներկայացուցիչները նշեցին, որ արդէն 5 տարիէ ի վեր Հայաստան են, հայրենիքին մէջ ապահով կը զգան ու չեն մտածեր երկրէն հեռանալու մասին: Անոնք շեշտեցին, թէ հեռաւոր ափերու մէջ ապրող իրենց հայրենակիցներուն ուշադրութիւնն ու օգնելու պատրաստակամութիւնը աւելիով կը յուսադրէ զիրենք, որ Հայաստան մնան եւ հայրենիքը շէնցնեն:
Վարժարանի ուսուցիչ եւ «Փոքրիկ հրեշտակներ» շաբաթօրեայ դպրոցի տնօրէն Յովհաննէս սարկաւագ Գումրուեան ընդգծեց. «Մենք մեր բոլոր նախաձեռնութիւններում մշտապէս զգում ենք Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի անմիջական եւ գործուն աջակցութիւնը: Դա ուժ եւ ոգեւորութիւն է մեզ հաղորդում նորանոր ծրագրեր իրականացնելու համար»:
Հանդիպման աւարտին, վարժարանի սաները վստահեցուցին, որ այսօրինակ նախաձեռնութիւնները շարունակական պիտի ըլլան։