ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ միջկառավարական պայմանագիրին համապատասխան՝ Յունիս 26ին իրագործուած է ռազմական նորագոյն կազմածներու ծրագրուած մատակարարումը:
Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տուեալներով՝ Պաքուի նաւահանգիստ բերուած ժամանակակից սպառազինութեան մեծ խմբաքանակը մօտիկ ապագային պիտի առաքուի ճակատամերձ գօտի:
Անոնց մէջ կան հրթիռային համալիրներ եւ հրասայլեր, ինչպէս նաեւ զրահապատ փոխադրակառքեր եւ այլ սարքաւորումներ։
«Այդ սպառազինութիւնը պիտի զօրացնէ հակառակորդին զրահապատ կառքերը եւ պաշտպանութեան ամրացուած դիրքերը աւելի ազդու կերպով հարուածելու Ատրպէյճանի ռազմական ուժերու կարելիութիւնները», նշ-ուած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան յոխոր-տացող հաղորդագրութեան մէջ, ուր կը շեշտուի, թէ ռուսական ռազմական կազմածներու եւ սպառազինութեան Ատրպէյճանի մատակարարումները պիտի շարունակուին:
Միաժամանակ, Յունիս 26ին տօնուող Ատրպէյճանի զինուած ուժերու օրուան առիթով, Ռուսիոյ ռազմարդիւնաբերական «Ռոսօպորոնեքսթոր»չ ընկերութեան տնօրէն Ալեքսանտր Միխայեւ շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանովին: