ԱՇԽԷՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ
2017 տարին Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանի (ՍՆԱՎ) ընտանիքին համար նշանակալից տարի է՝ Ոսկեայ յոբելենական տարի:
Շարք մը հանդիսութիւններով դպրոցը՝ իր ուսուցչական կազմով, տնօրէնութեան, Սրբոց Նահատակաց Ամէնօրեայ վարժարանի բարեկամներու յանձնախումբին, շրջանաւարտներուն եւ հոգաբարձութեան միացեալ ջանքերով կ՛աշխատին արժանաւորապէս նշել այս անկիւնադարձային տարին: Այդ հանդիսութիւններու շարքէն երկուքը տեղի ունեցան Յունիս 3ին եւ Յունիս 16ին:
Երկու ձեռնարկներն ալ նիւեորքահայութիւնը կը հրաւիրէր ականատես ըլլալու Մեսրոպ Մաշտոցի ջահը վառ պահող այս նախկրթարանին պանծալի յիսնամեակին:
Դրուատական խօսքերով Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանի Բարեկամներու յանձնախումբի ատենապետ Յովհաննէս Մալիքեան մէկ առ մէկ թուարկեց այն բոլոր բարերարները, որոնց առատաձեռնութեան շնորհիւ վարժարանը կը գոյատեւէ:
Այս տարուան դրամահաւաքի գրքոյկին բարերարներն էին իրենց առատաձեռնութեամբ վարժարանը քաջալերող մայր եւ որդի՝ Մարի եւ Պերճ Յարութիւնեանները:
Անցնող քսան տարիներուն ընթացքին Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանի Բարեկամներու յանձնախումբը երախտագիտութեամբ կը յիշէ քսան առատաձեռն նուիրատուներուն եւ աւելի քան եօթանասուն անդամներուն անունները, որոնք ծառայած են որպէս անդամ այս նուիրահաւաքի յանձնախումբին: Յունիս երեքի յիսնամեակի պարահանդէսը միասնաբար նշելու եկած էին աւելի քան 270 ազգայիններ, որոնց կարգին ներկայ էին նաեւ բարերարներ Էտուըրտ եւ Գարմէն Կիւլպէնկեան, Նուպար եւ Էնն Մահտէսեան, Վերճինեա Տատուրեան, Վահան եւ Լիսա Թանալ, Նշան եւ Քրիսթին Չորպաճեան եւ շատ ուրիշներ:
Յիսնամեայ տօնակատարութեան առթիւ վարժարանի երկարամեայ տնօրէնուհի եւ վաստակաշատ մանկավարժ Զարմինէ Պօղոսեան իր ելոյթով հպարտութեամբ ներկայացուց իր աշակերտուհիներէն, Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանի շրջանաւարտները։
Իսկ Ուրբաթ, Յունիս 16ին, 35րդ շրջանաւարտ հանդէսը տեղի ունեցաւ: Տօնական տրամադրութեամբ սրահը լեցուն էր պատուական հիւրերով, շրջանաւարտներով եւ իրենց հարազատներով: Շրջանաւարտները իրենց խօսքին մէջ նշեցին վարժարանին յիսուն տարիներու ներդրումը հայ համայնքէն ներս: Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանը հպարտութեամբ կը յայտարարէ, թէ իր բարձր մակարդակի կրթական ծրագիրը գնահատուած է Նիւ Եորք նահանգի կրթական նախարարութեան քննութիւններու արդիւնքներով՝ հիմնուելով Զարմինէ Պօղոսեանի օրերուն, Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանը ճանչցուած է որպէս թիւ մէկ նախակրթարանը Քուինզ շրջանի եւ վեցերորդը՝ Նիւ Եորք քաղաքի հինգ շրջաններու բոլոր դպրոցներուն հետ բաղդատած:
2017ի աւարտական հանդէսով, Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանը իր 35դ հունձքը ներկայացուց համայնքին: Շրջանաւարտներ Հայկ Առաքելեան, Լուսինէ Գալստեան եւ Արմէն Փանոսեան՝ ղեկավարութեամբ ուսուցչուհիներ Հուրի Ղուկասեանի եւ Հռիփսիմէ Ն. Փօլատեանի, երկլեզու գեղեցիկ ելոյթով ներկայացուցին Սրբոց Նահատակաց ամէնօրեայ վարժարանի անցեալն ու ներկան:
Երեք շրջանաւարտներ, որոնք աղաւնիի թեւեր առած պիտի երթային նոր հորիզոններ, նոր ուսումնական կեդրոններ՝ ապագայ կերտելու:
Հանդէսի պաշտօնական աւարտին շքեղ հիւրասիրութիւնը կը սպասէր բոլորին: Այս առթիւ գնահատական խօսքերով բեմ հրաւիրուեցաւ նաեւ հոգաբարձութեան երկարամեայ ատենադպրուհի Ռոզ Յարութիւնեանը, եւ առ ի գնահատանք ստացաւ գեղեցիկ յուշանուէր մը՝ ձեռամբ համաատենապետներ Արփի Ճանտանի եւ Յովհաննէս Մալիքեանի:
Բոլորին ի սրտէ մաղթանքն էր Նիւ Եորքի միակ ամէնօրեայ այս նախակրթարանը հասցնել երկրորդականի: