ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Միացեալ Նահանգներու Արուեստներու ազգային հիմնարկը հրապարակած է այս տարուան «Ազգային ժառանգութեան ջատագով»ի մրցանակը ստացողներուն ցանկը, որուն վրայ է նաեւ հայազգի արուեստագէտ Նորիկ Աստուածատուրով։
Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 14ին, մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ։
Հիւսիսային Տաքոթա հաստատուած Աստուածատուրով մետաղներու եւ կիսաթանկարժէք քարերու օգտագործումով իւրայատուկ ստեղծագործութիւններ կ՛արտադրէ։ Անոր հայրը Զանգեզուրէն եղած է, ապա Պաքու փոխադրուած է, ուր տեղի ունեցած է ընտանիքին Նորիկ Աստուածատուրեան մականունին ռուսացումը։ Նորիկ աշակերտած է այս մարզի հայ վարպետ Գոգային, անկէ սորվելով հայ մետաղագործներու հին ձիրքերը։ Ան Պաքու ապրած է մինչեւ 1980ականներու վերջաւորութեան սկսած հայահայ ջարդերը, որոնցմէ փախուստ տալով՝ կրցած է Միացեալ Նահանգներ ապաստանիլ 1992ին։
Իր աշխատանքին կողքին, ան նաեւ աշխատանիստեր կը կազմակերպէ ապագայ սերունդներուն փոխանցելու համար այս իւրայատուկ արուետսին գաղտնիքները։
Նշենք, որ Արուեստներու ազգային հիմնարկը 1965ին հաստատուած է Քոնկրեսի որոշումով եւ այդ թուականէն ի վեր 422 մրցանակներ՝ ներառեալ այս տարուանները, շնորհած է աւելի քան 200 արուեստի մարզերու մէջ ստեղծագործող արուեստագէտներու։