ՏԱՐՕՆ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ
Մեծ հրճուանքով եւ գոհունակութեամբ կը ձայնակցիմ ձեզի՝ մեր այնքա՛ն սիրելի, Սփիւռքի բաբախող սիրտ Լիբանանի Մայիս 28ի 99րդ այս տօնակատարութեան:
Ա՛յն Մայիս 28ին, որ ստեղծեց նոր հարիւրամեայ տրամաբանութիւն մը, որ հայ մարդուն տուաւ անգամ մը եւս պատուով ապրելու, դարձեալ իր ինքնիշխան հողին վրայ մաքառելու, նորէն իր դրօշակը հպարտօրէն պարզելու, վերանորոգ երազելու եւ երազանքը իրականութեան վերածելու, հողը պատրաստեց միանգամընդմի՛շտ Արցախը օտարի լուծէն ազատագրելու, առիթը ստեղծեց յետցեղասպանութեան նորաստեղծ ո՛ղջ Սփիւռքի մը ազգային ջիղը ամրացնելու, եւ վերջապէս, ընդլայնեց հայօրէն տոգորուելու տեսլականն ու կարողականութիւնը:
Ա՛յն Մայիս 28ին, զոր այսօր նորանկախ Հայաստանը պետական յանձնաժողովի ծրագրումով պիտի նշէ ու վերապրի անոր իմաստն ու մեծութիւնը: Հայրենի պետականութեան նախաձեռնութիւն մը, որ իր տրամաբանական ընթացքով ակնկալելի է, որ անդրադառնայ Մայիս 28ի կերտման ու իրագործման մէջ ա՛յն առիւծի բաժինին ու դերին, զոր ՀՅԴն իր բնազդով ունեցաւ եւ հասցուց իր կիզակէտին ու հայրենիք կերտող նպատակին:
Դաշնակցութեան կերտած «Նեմեսիս»ի, անոր սնուցանած Գարեգին Նժդեհի Զանգեզուրի, Սարդարապատեան խոյանքներու արդիւնք Մայիս 28ի եւ մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն բախտորոշ էջերու ճիշդ հասցէագրումն ու շաղկապումը եւ արդար բնութագրումը պիտի նպաստեն նորանոր նուաճումներու աւելի հեշտ յառաջացման եւ արդիւնաւորման: Մենք փառաբանանք փնտռող կամ որոնող կազմակերպութիւն չէինք եւ չե՛նք: Բայց այնքանով, որ մեր հնոցի, Դաշնակցական դարբնոցի արտադրանքը կը պատկանի մեր ազգի դափնեպսակին, նոյնքանով ալ ան մեր կենսագրութիւնն է եւ կը բնութագրէ մեր նկարագիրն ու գոյութեան իմաստը, եւ մեզ ու հայ ժողովուրդը կը մղէ ու կ՛առաջնորդէ նորանոր սլացքներու եւ նուաճումներու:
Մեր ազգի ղեկավարման եւ զանգուածներու կազմակերպական ա՛յն կարողութիւնը, զոր մենք ցուցաբերեցինք Մայիս 28ի նախօրէին ե՛ւ անոր վաղորդայնին, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան օրերուն, հաստատուն քայլերով առաջնորդեցին հայ ժողովուրդը դէպի իր յաւելեալ ամրակայումը: Եւ նո՛յն այդ ղեկավարումը, որ ապա տրամադրեցինք Սփիւռքին՝ Սփիւռքը կազմակերպելով, Ցեղասպանութեան հարցը արծարծելով եւ քաղաքականօրէն հետապնդելով, տուին եւ տակաւին կու տան իրենց արդիւնքները:
Եւ այսօր, աւելի քան երբեք, մենք իբրեւ կազմակերպութիւն կը գիտակցինք, որ մեր այդ ղեկավարման կարողութիւնը կը զարնուի ամէնօրեայ փորձաքարի եւ կը դիմագրաւէ ծաւալող մարտահրաւէրներ՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի նորաստեղծ դժուարութիւններուն դէմ յանդիման:
Սակայն ո՞վ ըսաւ, որ Դաշնակցութիւնը դիւրին օրերու կուսակցութիւն էր եւ է: Լաւատեսութիւն թող չթուի ձեզի, եթէ ըսեմ, որ դաշնակցականի մեր կարգապահութիւնը, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռանկիւնի փոխադարձ յարգանքը, զօրակցութիւնն ու գործակցութիւնը, մեր սկզբունքներէն չշեղելու եւ չզիջելու մօտեցումը՝ ընդելուզուած մեր ճկունութեան եւ քաղաքական փորձին, աւելի՛ն, մեր ծառայելու աննկուն կամքն ու տրամադրելիութիւնը, լաւագոյն գրաւականները պիտի ըլլան մեր կազմակերպական եւ ազգային միասնականութեան հզօրացման, եւ ա՛յն հաւատամքի կայացման, որ մեր ազգի լաւագոյն օրերը տակաւին կը պատկանին ապագային:
Չկա՛յ օր մը, որ այս կուսակցութիւնը, Պէյրութէն մինչեւ Լոս Անճելըս, Երեւանէն, Ստեփանակերտէն մինչեւ Սիտնի ու Թեհրան, չորոնէ, չփնտռէ մեր ազգի ամէնէն բարդ ու դժուար խնդիրները, եւ իր օրակարգը չծանրաբեռնէ եւ ինքզինք պատասխանատուութեան առջեւ չդնէ հայ ժողովուրդի մեծ ու նուազ մեծ խնդիրները լուծելու համար:
Սիրելինե՛ր, Լիբանանը՝ իբրեւ Միջին Արեւելքի առաջատար ու հայահոծ գաղութ, եւ Արեւմտեան Ամերիկան ու յատկապէս Քալիֆորնիան՝ իբրեւ հայ Սփիւռքի Արեւմուտքին գտնուող առաջատար եւ հայաշատ զանգուած, կոչուած են առանցքային դեր ստանձնելու՝ մեր յետցեղասպանութեան հարիւրամեակի եւ Հայաստանի եւ Արցախի անկախութեան 25ամեակէն ետք եկող հայ նոր իրականութեան մէջ:
Այս նոր իրականութեան մէջ բացայայտ է, որ հայաստանեան եւ արցախեան մեր դրուածքը նոր դժուարութիւններ կը յաղթահարէ, ինչպիսին էր անցնող տարուան քառօրեայ պատերազմը: Բացայայտ է նաեւ, որ ի դէմս Սփիւռքի մեր հայապահպանման եւ Հայ Դատի հետապնդման իրագործումներուն, մեր առջեւ ցցուած են սփիւռքեան այլ մարտահրաւէրներ, մէկ կողմէ՝ ձուլման եւ այլասերման լուրջ վտանգները, իսկ միւս ճակատին՝ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հակահայ թշնամական առճակատումները, Հալէպի հայկական թաղամասերէն մինչեւ Ուաշինկթըն Տի Սի:
Իբրեւ հայահոծ գաղութներ եւ իբրեւ սփիւռքեան այս գաղութներուն ղեկավարութիւն տրամադրող շարքային դաշնակցականներ, մեր օրակարգն է Սփիւռքը տոկուն պահել եւ անոր կարողականութիւնը ծառայեցնել Հայաստանի եւ Արցախի ամրակայման եւ հզօրացման: Մեր օրակարգն է հզօր սփիւռքով Հայ Դատի լուծման մէջ առանցքային դերակատարութիւն վերցնել: Մեր օրակարգն է Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնները էապէս զարգացնել, նոր հեռանկարներ որոնել ու գործադրել, եւ իսկապէս զայն հասցնել նախանձելի մակարդակի: Մեր օրակարգն է այս բոլորին մէջ սերնդափոխութիւն ապահովել եւ համապատասխան աւանդ փոխանցել նոր սերունդին՝ ամէնուրեք: Եւ անշուշտ, մեր օրակարգն է այս բոլորը իրագործելու համար շարունակել եւ ունենալ կուռ, միասնական, նպատակաուղղուած, վճռական, տարբեր երդիքներու տակ գործող, սակայն նոյն երդումով առաջնորդուող շարքեր:
Եւ պիտի չըլլա՛յ օր մը, երբ այս կազմակերպութիւնը խուսափի այս օրակարգէն եւ այդ պատասխանատուութիւններէն, որովհետեւ Պէյրութէն Լոս Անճելըսի դառն իրականութիւնները Մայիս 28ի այս տօնակատարութեան մեզմէ այդ կը պահանջեն, որովհետեւ Սարդարապատն ու ազատագրուած Շուշին եւ բռնագրաւեալ Մուշը մեզ այդ կը յորդորեն:
Կեցցե՛ն ՀՅԴի քաղաքական բանակի զինուորագրեալ ու միակամ շարքերը,
Կեցցե՛ն Մայիս 28ով սկսած ազատ ու անկախ Հայաստանն ու Արցախը,
Ապրի՛ս, դո՛ւն՝ հա՛յ ժողովուրդ:
ԾԽ.- Այս գրութիւնը Հայաստանի Անկախութեան 99ամեակի ձեռնարկին՝ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Տարօն Տէր Խաչատուրեանին խօսքի բնագիրն է, որուն իբրեւ նախաբան ըսուած է հետեւեալը. «Երբ առաջարկուեցաւ գաղութային այլ նախաձեռնութեան մը առիթով Լիբանան գտնուած միջոցիս սրտի խօսք մը ըսել Մայիս 28ի այս կեդրոնական նախաձեռնութեան առիթով, միակ մտասեւեռումս օրուան բանախօսին պատգամներուն կրկնութիւնը չընելն էր, մանաւանդ որ երկրորդ պատգամաբեր մըն ալ պիտի արտասանէր Լիբանանի ԿԿի խօսքը: Ուստի՝ Լոս Անճելըսէն սրտի երկու խօսք»: