ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Պատրիարքական ընտրեալ տեղապահ Գարեգին արք. Պեքճեան Հինգշաբթի, Յունիս 1ի յետմիջօրէին ժամանեց Պոլիս: Պատրիարքարանը նախօրէին արդէն պաշտօնական զեկոյցով մը տեղեկացուցած էր, որ ան պիտի դիմաւորուի «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ եւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարէ իր երդումը:
Այս առթիւ, Գումգաբուի մէջ կը տիրէր մեծ եռուզեռ: Արդարեւ, Գարեգին արք. Պեքճեանի Պոլիս ժամանումը նոր հարթութեան մը վրայ կը դնէր պատրիարքական ընտրութեան առկախեալ գործընթացը: Կ՛ակնկալուի, որ յառաջիկայ շրջանին թափ առնեն ընտրութեան նախապատրաստական աշխատանքները:
Գարեգին արք. Պեքճեանի գալուստին առթիւ, համայնքային մամուլին մէջ յայտարարութեամբ մը հանդէս եկաւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու:
Շիրինօղլու այս առթիւ ողջունած է նորին սրբազնութեան գալուստը եւ ամբողջ համայնքին կոչ ուղղած է համախմբուելու անոր շուրջ եւ իրարու դէմ կանխակալ կարծիքները մէկ կողմ թողնելով՝ կեդրոնանալու բուն նպատակին վրայ, որն է՝ պատրիարքական ընտրութիւնը: Պետրոս Շիրինօղլու նաեւ դիտել տուած է, որ թրքահայութիւնը ալեկոծեալ շրջանէ մը ետք, բեկումնային պահու մը հասած է այժմ՝ պատրիարքական ընտրութեան հարցի գծով: Ան շեշտած է, որ հանրապետութեան նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ այս տարեմուտին տրուած խոստումին համաձայն, 16 Ապրիլ 2017ի հանրաքուէէն անմիջապէս ետք պատկան իշխանութիւնները հնարաւորութիւն ունեցած են անդրադառնալու մեր համայնքի խնդիրներուն: Այս մթնոլորտին մէջ հասունցած պայմաններուն զուգահեռ, պատկան մարմինները տուած են ազդանշանը, որ Գարեգին արք. Պեքճեան ճանաչում պիտի ստանայ իբրեւ տեղապահ:
Իր յայտարարութեան մէջ Շիրինօղլու նաեւ ընդգծած է, որ այս զարգացումը պէտք է հաւաքական ձեռքբերումի մը վերածուի: Արդարեւ, անցեալ շուրջ ինը տարիներուն բեռը թօթափելու եւ նոր եռանդով մը համայնքային կեանքը բնականոնացնելու ճամբուն վրայ, իւրաքանչիւրի՛ն կը վիճակուի ծանր պատասխանատուութիւն: Շիրինօղլու կը յիշեցնէ, թէ ցարդ ապրուած ալեկոծումներով հանդերձ, տակաւին բուն ընտրութեան գործընթացը չէ՛ սկսած: Ուստի, բոլոր պառակտումները մէկ կողմ ձգած՝ պէտք է համախմբուիլ տեղապահ Գարեգին արք. Պեքճեանի շուրջ: Սա անհրաժեշտութիւն մըն է Պատրիարքական Աթոռի կայունութեան համար:
Հաշուի առնելով նաեւ անցեալ ինը տարիներու անձնուրաց ու մաշեցուցիչ պարտականութիւնը, Պետրոս Շիրինօղլու նաեւ յայտնած է, թէ Արամ արք. Աթէշեանի նկատմամբ պէտք է յարգանք ու երախտագիտութիւն դրսեւորել: Ուստի, համայնքային հաստատութիւններու վարիչներուն ու համայնքի բոլոր խաւերուն եւ անդամներուն պատասխանատուութիւնն է յառաջիկայ շրջանին խրախուսել հոգեւորականաց դասու անդամներուն ներդաշնակութիւնը:
Ըստ Շիրինօղլուի, այսօր՝ աւելի՛ քան երբեք, հաւանական է, որ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը թափ ստանայ՝ պետական իշխանութիւններու հետ համագործակցաբար ու մեր աւանդութիւններուն համապատասխան: «Թէեւ ընտրական բոլոր գործընթացները անխուսափելիօրէն մրցակցութեան մթնոլորտ մը կը պարփակեն իրենց մէջ, սակայն մեծ ուշադրութիւն պէտք է դրսեւորել՝ նոր տագնապներէ խուսափելու համար», յայտնած է ան:
Նախաձեռնակ մարմինի մը կազմաւորման կողքին, Պետրոս Շիրինօղլու անհրաժեշտ նկատած է յառաջիկայ բոլոր փուլերը թափանցիկ կերպով ու փոխադարձ վստահութեամբ յառաջ տանիլ: «Մեր համայնքի հասարակաց յայտարարը պէտք է ըլլայ՝ առո՛ղջ ձեւով պատրիարքական ընտրութեան մը ձեռնարկելը: Հետեւաբար, նախընտրական գործընթացը եւս մեր համայնքի բոլոր շրջանակներուն պէտք է առաւելագոյն վստահութիւն ներշնչէ, պէտք է ցոլացնէ ժողովուրդի կամքին նկատմամբ յարգանքը: Առանց այս գործընթացին լայնախարիսխ մասնակցութիւն մը ապահովելու՝ դժուա՛ր թէ կարելի ըլլայ լայն զանգուածներէ աւելի մեծ պատասխանատուութիւն ակնկալել», ըսած է ան:
Պետրոս Շիրինօղլուի յայտարարութեան մէջ կայ նաեւ այլ ուշագրաւ կէտ մը: Ան առկայ փուլին համար յարմար կը դատէ փորձառու աշխարհակա՛ն գործիչներու ալ հնարաւորինս մասնակցութիւնը պատրիարքարանի գործունէութեան:
Շիրինօղլու իր յայտարարութիւնը աւարտած է՝ յաջողութեան մաղթանքներ յղելով տեղապահ սրբազան հօր: