ՊՐԻՒՔՍԷԼ.- Եւրոպայի տարածքին Հայ Դատի աշխատանքները համակարգելու, այդ աշխատանքներուն նոր թափ տալու եւ աշխարհագրութիւնը ընդարձակելու նպատակով, Պրիւքսէլի «Հայ Տան» մէջ, 27-28 Մայիսին տեղի ունեցաւ երկօրեայ խորհրդաժողով մը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի նախաձեռնութեամբ եւ ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ:
Խորհրդաժողովին ներկայ եղան Եւրոպայի տարածքին գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու (Անգլիա, Յունաստան, Ռումանիա, Շուէտ, Գերմանիա, Աւստրիա, Լեհաստան, Պելճիքա, Հոլանտա, Ֆրանսա), ինչպէս նաեւ Չեխիայէն ու Ջաւախքէն հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ՝ շուրջ 35 հոգի:
Խորհրդաժողովի բացումը կատարեցին Հայ Դատի Եւրոպայի յանձնախումբի նախագահ Գասպար Կարապետեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյին կողմէ՝ Հայ Դատի Կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Անոնք շեշտեցին կարեւորութիւնը տարածաշրջանային այս խորհրդաժողովներուն, որոնք սովորաբար տեղի կ՛ունենան 2-3 տարին մէկ անգամ, սակայն, մինչ այդ, կը գումարուի Հայ Դատի յանձնախումբերու համահայկական խորհրդաժողովը, ինչպէս անցեալ տարի տեղի ունեցաւ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի մէջ։
Ժողովը քննարկեց Եւրոպայի մէջ Հայ Դատի յանձնախումբերու նախորդ տարուան աշխատանքները, լսեց զեկոյցներ՝ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն մասին (ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Կարէն Նազարեան), Արցախի բանակցութիւններուն եւ միջազգային իրավիճակին մասին (ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան), Ատրպէյճանի «Խաւիարային դիւանագիտութեան» մասին (Մուշեղ Եկմալեան), Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացին եւ հատուցումներու մասին (Պետօ Տէմիրճեան եւ Կիրօ Մանոյեան), Արցախը իբրեւ հակամարտութեան գօտի կարծրատիպի փոփոխութեան եւ Արցախը մեկուսացումէ դուրս բերելու գործընթացին մասին (Հեղինէ Էվինեան), Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ համաեւրոպական կառոյցներու հետ աշխատանքներու համադրման մասին (Հեղինէ Էվինեան, Աշխէն Ֆիքսովա), Արցախի հետ բարեկամութեան խումբերու կազմութեան մասին (Գասպար Կարապետեան), Ջաւախքի հայութեան իրավիճակին մասին (Սամցխէ-Ջաւախքի եւ Քուեմօ-Քարթլիի Հայկական հասարակական կազմակերպութիւններու խորհուրդի համակարգող Արտակ Գաբրիէլեան), Սուրիահայութեան վիճակին եւ անոնց աջակցութեան աշխատանքներուն մասին (Կիրօ Մանոյեան, Պետիկ Պետրոսեան) եւ հանրային կապերու մասին (Պետօ Տէմիրճեան, Յարութ Շիրինեան):
Զեկոյցներէն ետք՝ հարց-պատասխաններուն յաջորդեցին ժողովականներու կարծիքներու փոխանակում եւ եզրակացութիւններ՝ Հայ Դատի յանձնախումբերուն կատարելիք աշխատանքներուն մասին:
Խորհրդաժողովին ընթացքին ծանուցուեցաւ, որ Հոկտեմբեր 16-17ին, Պրիւքսէլի մէջ պիտի գումարուի Եւրոպահայութեան 4րդ համաժողովը՝ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ: Սոյն համաժողովը պիտի կայանայ Եւրոպայի Հայ Դատի յանձնախումբի Պրիւքսէլի գրասենեակի հիմնադրութեան 15ամեակին առիթով եւ նուիրուած պիտի ըլլայ Հայաստան-Եւրոմիութիւն համապարփակ ու ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի բանակցութիւններու աւարտին, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին եւ հատուցումներուն, ինչպէս նաեւ՝ Արցախի ինքնորոշման աշխատանքներուն:
Խորհրդաժողովին փակումը կատարեց Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, որ գոհունակութիւն յայտնեց Հայ Դատի աշխատանքներուն եւ մասնաւորապէս այս խորհրդաժողովին մեծ թիւով երիտասարդներու մասնակցութեան համար:
Շաբաթ, 27 Մայիսի երեկոյեան, ՀՅԴ Պելճիքայի մարմինին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 99ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն, որուն ընթացքին խօսք առին Եւրոմիութեան մօտ ՀՀ դեսպան Թաթուլ Մարգարեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան:
Երեկոն խանդավառեց երգիչ Աղասի Իսպիրեանը։
ՀՅԴ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ