Ամէն տարի Մայիս 28ի օրը մեծ շուքով կը նշուի Ապարան քաղաքին մէջ: Արդարեւ, Սարդարապատ, Բաշ-Ապարան, Ղարաքիլիսէ յաղթանակներու շղթան պատճառ դարձաւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան ծնունդին եւ հայերուն վերադարձուց յաղթանակի բերկրանքը:
Բացի տօնական ձեռնարկներէն, այս տարուան Մայիս 28ն իւրայատուկ օր էր աւելի քան երկու տասնեակ երիտասարդներու համար, որոնք հայրենիքը կեանքի գնով պաշտպանելու երդում տուին Դրոյի՝ Դրաստամատ Կանայեանի շիրիմին վրայ, նկատի ունենալով այն, որ Մայիսեան հերոսամարտին ընթացքին, իբրեւ փորձառու հրամանատար՝ Դրոյին վստահուած էր Ապարանի ինքնապաշտպանութեան զինուորական գործողութիւնը։
Նշենք, որ այս տարի, Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրման օրը՝ Մայիս 28ին, Արագածոտնի, Լոռիի եւ Գեղարքունիքի մարզերուն մէջ տեղի ունեցած երդման արարողութիւններով՝ ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը համալրուեցան 40 նորագիրներով: