ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի 78 անդամներ ստորագրած են նախագահ Տանըլտ Թրամփին հասցէագրուած նամակ մը, որուն մէջ կոչ կը կատարուի, որ Սպիտակ տուն այցելող Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին հետ Թրամփի հանդիպման ընթացքին, պէտք է Էրտողանին յիշեցնել ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու գերակայութեան մասին:
Լուսարձակի տակ առնելով Թուրքիոյ մէջ շարունակուող մարդկային իրաւունքներու ոտնակոխումներն ու ժողովրդավարական սկզբունքներու անտեսումները՝ քոնկրեսականները գրած են. «Ժողովրդավարական արժէքներու աջակցութեան եւ մարդկային իրաւունքները յարգելու հարցով պէտք է անկեղծ ու հետեւողական ըլլալ»: Օրէնսդիրները շեշտած են, թէ Էրտողանի քաղաքականութեան անմիջական զոհերը անոր քաղաքական ընդդիմադիրներն ու փոքրամասնութիւններն են:
Իր կարգին, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան ողջունած է քոնկրեսականներուն այս կոչը: Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ կը տեղեկացնէ, թէ Մարդկային իրաւանց հիմնարկը մէկ էջնոց ծանուցում մը զետեղած է «Ուաշինկթըն Փոս»չի Մայիս 16ի թիւին մէջ՝ դատապարտելով Էրտողանի այցը։