
ՆԻՒ ԵՈՐՔ.- Միացեալ Նահանգներու Ազգային ազգագրական կազմակերպութիւններու համախմբումին կազմակերպած 2017ի «Էլիս Այլընտ» պատուոյ շքանշաններու տուչութեան պաշտօնական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Մայիս 13ին, Նիւ Եորքի Էլիս կղզիին վրայ, Ազատութեան արձանի շուքին տակ։
Այս տարի կային ութ հայ շքանշանակիրներ, որոնք էին՝ բարերար Վարանդ Ֆրենք Մելքոնեան, տոքթ. Կարօ Դերձակեան, արուեստներու ջատագով Ճօէն Աղաճանեան-Քուին, բարերար Ռութ Պետեւեան, երգիչ Էնտի Անդրանիկ Մատատեան, բժշկական կրթութեան դասախօս դոկտ. Արա Թէքեան, Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան կարկառուն անդամներէն Գուրգէն Եդուարդ Պերքսանլար եւ Օրլանտոյի (Ֆլորիտա) Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ ծուխի նուիրեալներէն Լուսին Մարտիրոսեան-Հարվի:
Շքանշանը կը նշէ ամերիկեան կեանքի այլազանութիւնը եւ կը մեծարէ այնպիսի անհատներ, որոնք կարելիութիւններ կ՛ընծայեն տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներուն ինքնութիւնը պահպանելու եւ միաժամանակ զանոնք ամերիկեան կեանքին մէկ մասնիկը դարձնելու:
Նոպէլեան մրցանակակիրներ, Միացեալ Նահանգներու նախագահներ, ինչպէս նաեւ գործարարներ, ուսուցիչներ, արուեստագէտներ, մարզիկներ եւ զանազան պաշտօնատարներ ցարդ արժանացած են այս պատիւին:
Այս տարուան մեծարեալներուն մէջ եղած են նաեւ անջրպետագնաց Պազ Ալտրին եւ լրագրող Ֆերիտ Զաքարիա։ Այս տարի նաեւ յատուկ շքանշան մը շնորհուեցաւ Փաքիստանի մէջ աղջիկներու կրթութեան իրաւունքին համար պայքար տանող Մալալա Եուսէֆզային, որ Նոպէլեան խաղաղութեան մրցանակին եւս արժանացած էր։
Նախապէս, տասնեակներով հայեր արժանացած են այս մրցանակին, ներառեալ՝ Հերի Նաճարեան, Մայք Սարեան, Վահէ Կարապետեան, Էլիզապէթ Աղպապեան, Մարիա Միհրանեան, Տալիտա Քէօրօղլեան, Սիլվա Ագարակեան եւ Քրիսթոֆըր Ադամեան։