
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, Մայիս 25ին կայանալիք իր տարեկան ձեռնարկին ընթացքին պիտի մեծարէ շարք մը անձնաւորութիւններ, միաժամանակ տօնելով անցած տարուան իրագործումները։
Կազմակերպիչ յանձնախումբի համատենապետ Վիքի Մարաշլեան կը յայտնէ, թէ մեծարուողներու շարքին պիտի ըլլան Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճես Թալամանթես եւ պատկերասփիւռի հաղորդավար Արաքսիա Կարապետեան, որոնք նպաստած են քաղաքի հայ համայնքին։
Նաեւ, ձեռնարկին հանդիսավարութիւնը պիտի ստանձնէ Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտի Քասախեան։
Թալամանթես պիտի ստանայ Ուիլեըմ Սարոյեանի անուան մրցանակը, որ վերապահուած է համայնքային աշխոյժ գործունէութիւն մշակողներուն: Ան առաջին անգամ 2009ին ընտրուած է Պըրպենքի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ եւ եղած է նաեւ քաղաքապետ: Քաղաքի հրշէջներու բաժանմունքին անդամ եղած է եւ անդամակցած շարք մը համայնքային կազմակերպութեանց ու մարմիններու վարչութեանց: Թալամանթես վկայուած է Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղէն՝ մասնագիտանալով հրդէհներու դէմ պաշտպանուելու վարչագիտութեան ու արհեստագիտութեան մէջ։
Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի այս տարուան Հրանդ Տինքի անուան մրցանակը պիտի յանձնուի Արաքսիա Կարապետեանին: Այս մրցանակը կը տրուի համայնքային սպասարկութեանց տարբեր մարզերէ ներս աշխոյժ մասնակցութիւն բերող կանանց: Արաքսիա Կարապետեան Մարտ 2012էն ի վեր, հաղորդավարն է Հարաւային Քալիֆորնիոյ «Ֆաքս» կայանի (թիւ 11) «Կուտ Տէյ Էլ.Էյ.» յայտագիրին, որմէ առաջ լրագրողի եւ հաղորդավարի պաշտօններ ստանձնած էր այլ կայաններու մէջ։ Ան ծնած է Գիւմրի ու ականատես եղած է 1988ի երկրաշարժի արհաւիրքին, ապա ընտանիքին հետ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է։ Լրագրութեան հանդէպ սէրը ծագած է Հայաստան կատարած իր այցելութիւններէն մէկուն ընթացքին, երբ սկսած է հետաքրքրուելու քաղաքացիներուն ամէնօրեայ կեանքով ու հարզազրոյցներ ունենալու անոնց հետ։

Իսկ Արտի Քասախեան, առաջին անգամ 2005ին ընտրուեցաւ Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար՝ հադիսանալով քաղաքի պետական պաշտօնի մը համար ընտրուած ամենաերիտասարդ անձը։ Ան անցեալ ամիս վերընտրուեցաւ այդ պաշտօնին։ Քասախեան նախապէս եղած է Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործավար, իսկ հանրային քաղաքականութեան ճիւղին մէջ մասնագիտացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ, արժանանալով մագիստրոսի տիտղոսին։ Ան նաեւ Կլենտէյլի Տնտեսական զարգացման ընկերակցութեան քարտուղարն է։
Պըրպենքի Հայ Դատի յանձնախումբի տարեկան ձեռնարկը տեղի պիտի ունենայ Մայիս 21ին, երեկոյեան ժամը 5էն սկսեալ, «Անուշ» ճաշարանին մէջ (1320 W. Glenoaks Blvd., Glendale, CA 91201): Տեղեր ապահովելու համար, այցելել www.itsmyseat.com/ANCAB կայքէջը: