ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը կը զօրակցի ապահովական գօտիներու ստեղծման համաձայնութեան՝ աւելցնելով, որ այդ գօտիներուն մէջ ՄԱԿի հսկողութեան տակ եղող միջազգային ուժեր պիտի չըլլան:
«Յանձնառու ենք արձանագրութեան, եւ կը յուսանք, որ զինեալ կողմերը եւս ատոր յանձնառու ըլլան։ Եթէ որեւէ զինեալ խմբաւորումի մը կողմէ համաձայնութեան խախտում արձանագրուի, ապա հակադարձութիւնը խիստ պիտի ըլլայ», ըսաւ ան:
Մուալլեմ յայտնեց, որ զինադադարի համաձայնութիւնը ստորագրած զինեալ խմբաւորումները «Ճապհաթ Նուսրա»ն դուրս պէտք է բերեն այս գօտիներէն, իսկ համաձայնութեան երաշխաւոր կողմերը պէտք է օգնե՛ն անոնց: Ան նշեց նաեւ, որ երաշխաւոր երկիրներուն պարտականութիւնն է այդ գօտիներուն մէջ արտաքին միջամտութիւնները եւ Սուրիոյ բանակին դէմ յարձակումները արգիլել: «Միշտ կը զգուշացնենք այն մասին, որ Թուրքիա իր ստորագրած համաձայնութիւնները չի՛ յարգեր», աւելցուց Մուալլեմ:
Միւս կողմէ, ան յայտնեց, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ քիւրտերուն պայքարը օրինական կը նկատուի: