ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Գերմանիոյ կառավարութիւնը անցեալ տարի Թուրքիոյ մէջ կատարուած պետական հարուածի հեղինակներ նկատուողներէն ոմանց Գերմանիա ապաստանելու իրաւունք տուած է. այս մասին կը հաղորդէ գերմանական մամուլը՝ երկրին ներքին գործոց նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն։ Դիմում կատարողներէն ոմանք իրենց ընտանիքներուն հետ պիտի ընդունուին Գերմանիա։
Թուրքիա կը պնդէ, թէ ապաստանեալի իրաւունք խնդրած 414 քաղաքացիները պետական հարուածի հեղինակներէն էին։ Անոնց մէջ կան սպաներ, զինուորներ, դատաւորներ, դիւանագէտներ եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներ, որոնց մեծ մասը ՆԱԹՕի ծրագիրներուն վրայ կ՛աշխատէին Գերմանիոյ մէջ։
Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան քննադատած էր ապաստանեալի իրաւունք տալու դիմումները քննելու Գերմանիոյ որոշումը՝ նման քայլ մը ահաբեկչութեան աջակցելու համազօր արարք մը համարելով։
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք Գերմանիայէն խնդրած էր, որ այդ դիմումները չընդունուին։