
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռադիօ».- Համահայկական նուագախումբը իր գործունէութիւնը սկսաւ Երեքշաբթի, Ապրիլ 25ին՝ Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի թատրոնին մէջ, Հայոց Ցեղասպանութեան եւ ապրիլեան պատերազմի զոհերու յիշատակին նուիրուած համերգով:
Ապրիլեան պատերազմի զոհերու յիշատակին նուիրուած էր առաջին անգամ կատարուած Տիգրան Մանսուրեանի «Պօէմ յաղթանակի» խորագիրով նոր ստեղծագործութիւնը:
Համերգի ծրագիրը բաղկացած էր բացառապէս հայ երգահաններու ստեղծագործութիւններէն:
Համահայկական նուագախումբի կազմին մէջ ընդգրկուած են 90 հայ երաժիշտներ, որոնցմէ 70ը հրաւիրուած են աշխարհի աւելի քան 20 երկիրներէ:
Համահայկական նուագախմբի առաջին համերգը զիրար փոխարինելով ղեկավարեցին մեր լաւագոյն խմբավարներէն Յովհաննէս Չէքիճեան, Կոնստանդին Օրբէլեան, Էդվարդ Թօփչեան եւ Կարէն Դուրգարեան: