ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան կ՛ողջունէ Չեխիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներու պալատին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ մարդկութեան դէմ գործուած այլ յանցագործութիւնները ճանչցող եւ դատապարտող բանաձեւի ընդունումը: Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան:
«Չեխիոյ պատգամաւորներու պալատի բանաձեւը եւ երկրի նախագահ Միլոշ Զեմանի Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող յայտարարութիւնները կը հանդիսանան Չեխիոյ Հանրապետութեան արժէքաւոր ներդրումը ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու կանխարգիլման վեհ գործին մէջ», ըսուած է Նալպանտեանի յայտարարութեան մէջ:
Չեխիոյ խորհրդարանի պատգամաւորներու պալատը Երեքշաբ-թի, 25 Ապրիլին ընդունած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը դատապարտող բանաձեւ մը: Բանաձեւին կողմ քուէարկած էր 104 պատգամաւոր:
Բանաձեւը քննարկման ներկայացուցած էր Չեխիոյ Սոցիալ-դեմոկրատական կուսակցութենէն պատգամաւոր Ռոպին Պէօնիշ: «Ես կը կարծեմ, որ Չեխիոյ պարտքն էր պաշտօնապէս ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը: Երէկ կը նշուէր Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցը, եւ այսօր նման բանաձեւի ընդունումը խորհրդանշական է», ըսած է Պէօնիշ: