Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» ֆիլմը չէ պատրաստուած ֆինանսական մեծ շահ ապահովելու համար, ատոր նպատակը լոյս սփռելն է յաճախ անտեսուող պատմական իրադարձութեան վրայ, կը գրէ հեղինակաւոր «Իքոնոմիսթ» թերթը։
«Պատմական տրամա, ազգային ողբերգութեան մասին. ասիկա այն ֆիլմերէն է, զոր Հոլիվուտը կը սիրէ: Սակայն աւելի քան մէկ դար բեմագիրներ եւ սթիւտիօներ երես դարձուցին այս պատմութենէն», կը գրէ լրատուամիջոցը՝ ներկայացնելով «Խոստումը» ֆիլմը, որուն մէջ դերեր ստանձնած են օսքարակիր դերասան Քրիսթիան Պէյլ, Օսքար Այզըք, Շարլոթ լը Պոն եւ ուրիշներ:
Ֆիլմին պատրաստութիւնը հնարաւոր դարձաւ հայ մեծահարուստ Գըրգ Գըրգորեանի շնորհիւ, որ հիմնեց «Սերվայվըկ Փիքչըրզ» արտադրական ընկերութիւնը՝ նպատակ ունենալով աշխարհը իրազեկ դարձնել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: «Խոստումը» ֆիլմի պատրաստութեան համար ան կատարեց 100 միլիոն տոլարի ներդրում:
Ապրիլ 21էն ցուցադրութեան սկսած ֆիլմը առաջին շաբաթավերջին ընթացքին ունեցաւ միայն 4.1 միլիոն տոլարի եկամուտ, ինչ որ պատմականօրէն ցած եկամուտ է 100 միլիոն տոլարնոց ֆիլմի մը համար: Որոշ մասնագէտներու կարծիքով՝ ամբողջ աշխարհի մէջ ֆիլմը պիտի ունենայ 20 միլիոն տոլարի եկամուտ, ինչ որ ձախողութիւն կրնայ համարուիլ ֆիլմին համար: «Սակայն «Խոստումը» չի կրնար դատուիլ միայն տնտեսական չափորոշիչներով, քանի որ Գըրգորեանի նպատակը ներդրումը ետ ստանալը չէ եղած: Թերեւս մենք պէտք չէ դատենք զայն բացառապէս գեղարուեստական չափանիշներով: «Խոստումը» պատրաստուած է լոյս սփռելու համար յաճախ անտեսուող պատմական իրողութեան վրայ, եւ նոյնիսկ միջին գնահատականներով գրախօսութեան ու դրամարկղի միջին թիւերու պարագային ալ անիկա կը հասնի իր նպատակին: Օր մը, երբ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը պաշտօնապէս վերագրուի, «Խոստումը» ֆիլմը պիտի ունենայ ատոր մէջ իր դերակատարութիւնը», կ՛եզրափակէ «Իքոնոմիս»չի հրապարակած յօդուածը: