ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան Չորեքշաբթի յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Անգարայի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ճան Պեսը: Անոր կ՛ընկերանար նաեւ Իսթանպուլի մօտ Ամերիկայի աւագ հիւպատոս Ճենիֆըր Տէյվիս: Ճան Պես փափաքած էր Արամ արք. Աթէշեանէն բացատրութիւններ ունենալ թրքահայ համայնքային կեանքի ներկայի զանազան հարցերուն շուրջ: Ընդհանուր փոխանորդը ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան կապակցութեամբ ու պարզեց իր մօտեցումները այն նիւթերուն շուրջ, որոնք ամերիկացի դիւանագէտներուն հետաքրքրութեան առարկան էին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.