«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը, յօդուած մը հրապարակելով՝ կը ներկայացնէ «Քլարք» համալսարանի դասախօս, թուրք պատմաբան Թաներ Աքչամը եւ կը նշէ. «Աւելի քան մէկ դար Թուրքիա կը հերքէ հայոց կոտորածներու կազմակերպման գործին մէջ իր դերակատարութիւնը՝ առարկելով, որ յետ-պատերազմեան դատավարութիւններու ընթացքին քննուած փաստաթուղթերու բնօրինակները չկան»։ Թերթը կ՛աւելցնէ, որ Աքչամ յայտնաբերած է փաստաթուղթեր, որոնք կը հաստատեն թրքական պետութեան մեղաւորութիւնը:
Օրաթերթը կը գրէ, որ թուրք պատմաբանը արժէքաւոր փաստաթուղթեր յայտնաբերած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքարանին մէջ: Խօսքը կը վերաբերի այն հեռագիրին, որուն հիմամբ Պեհաէտտին Շաքիրի դէմ դատավճիռ արձակուած է: Ապա, այլ փաստաթուղթերու նման անհետացած է արխիւներէն՝ ստիպելով հետազօտողներուն յոյսը դնել միայն օսմանեան պաշտօնաթերթերու ամփոփումներուն վրայ:
Թուրք պատմաբանը յոյս ունի հաւաքագրելու բոլոր անհետացած ապացոյցները եւ փաստ առ փաստ ներկայացնելու զանոնք՝ ընդդէմ Թուրքիոյ ժխտողականութեան: «Իմ խորին համոզումը իբրեւ թուրք այն է, որ ժողովրդավարութիւնն ու մարդու իրաւունքները Թուրքիոյ մէջ կրնան հաստատուիլ միայն պատմութեան առերեսուելով եւ պատմական մեղքերը ճանչնալով», ըսած է Աքչամ: