ՓԱՐԻԶ.- Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ ներկայ գտ-նուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկին, որ կազմակերպած էր Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդը (CCAF) Փարիզի մէջ, կը յայտնէ «Նուվել դ՛Արմէնի»ն:
Հոլանտ ծաղկեպսակ զետեղեց Կոմիտասի յուշարձանին մօտ:
Արարողութիւնը, որ նուիրուած էր Հայոց Ցեղասպանութեան 102րդ տարելիցին, տեղի ունեցաւ Կոմիտասի յուշարձանին մօտ՝ Գանատայի հրապարակին վրայ: