ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- 24 Ապրիլ 2011ին, Պաթմանի մէջ խորհրդաւոր ու ընդվզեցուցիչ պայմաններու տակ սպաննուեցաւ Սեւակ Պալըքճըն, որ իր զինուորական ծառայութեան շրջանը կը բոլորէր։ Ան, զինուորական պարտականութիւն մը կատարելու ընթացքին սպաննուեցաւ այլ զինուորի մը՝ Քըվանչ Աղաօղլուի կողմէ։ Այս վերջինս նախ 4 տարի եւ 5 ամիս բանտարկութեան դատապարտուեցաւ՝ դիտաւորեալ կերպով մարդ սպաննելու յանցանքով։ 5 ամիս բանտարկութեան դատապարտուեցաւ նաեւ ենթասպայ Սատրէտտին Էրսէօզ, որ կ՛ամբաստանուէր իր պարտականութիւնը չարաչար գործածած ըլլալու մեղադրանքով։
«Հիւրրիյէթ»ի աշխատակից Իսմայիլ Սայմազ այս մասին գրած է հետեւեալը.
«Սեւան Պալըքճըի անբախտ ծնողները՝ Անի ու Կարապետ Պալըքճըները, դատական հետապնդում բացած էին իրենց փաստաբանին՝ Ճեմ Հալավուրդի միջնորդութեամբ։ Զինուորական բարձրագոյն դատարանը յանցաւոր նկատեց ներքին գործոց նախարարութիւնը եւ որոշեց, որ հատուցում վճարուի Սեւակի ընտանիքին։ Թէեւ նշուեցաւ, որ ծնողները՝ Անի ու Կարապետ Պալըքճը, 2012 թուականէն ի վեր Թուրքիոյ զինեալ ուժերու ծառայութեան ընթացքին վիրաւորուածներու վարչութենէն կանոնաւոր կերպով ամսաթոշակ կը ստանան եւ հետեւաբար հատուցումի իրաւունք չունին, դատարանը որոշեց, որ 40,000 լիրա (մօտաւորապէս 11,000 տոլար) հատուցում վճարուի անոնց»։
Սեւակ Պալըքճըի ծնողներն ու փաստաբանը այս գումարը անբաւաւար նկատած են եւ բողոքած անոր դէմ։